2025.11.06 Membri del Comitato Congiunto del Consiglio delle Conferenze Episcopali d'Europa, del Consiglio Ecumenico delle Chiese e Rappresentanti delle Chiese Cristiane d'Europa

Պատերազմի արձագանքներով նշանաւորուած Եւրոպային մէջ ընդունիլ նոր ձայներն ու մշակոյթները․ Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ընդունեց Եւրոպական Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Խորհուրդի (CCEE - Consiglio delle Conferenze Episcopali d’Europa) եւ Եւրոպական Եկեղեցիներու Համաժողովի (CEC - Conferenza delle Chiese Europee) Համատեղ Կոմիտէի անդամները եւ Եւրոպայի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները` «Charta Oecumenica»ի ստորագրողները։ «Եւրոպայի որոշ մասերու մէջ ճիշտ է կան «դրական եւ խրախուսական նշաններ», սակայն «քրիստոնէական համայնքները միշտ աւելիով իրենք զիրենք փոքրամասնութիւն կը զգան»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ Քրիստոս Յիսուսի կողմէ» (Ա Թուղթ Տիմոթէոսի 1։2): Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Տիմոթէոսի խօսքերով ողջունեց, այսօր՝ 6 Նոյեմբեր 2025 թուականին, Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդուած Եւրոպական Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Խորհուրդի (CCEE - Consiglio delle Conferenze Episcopali d’Europa) եւ Եւրոպական Եկեղեցիներու Համաժողովի (CEC - Conferenza delle Chiese Europee) Համատեղ Կոմիտէի անդամները ինչպէս նեաւ Եւրոպայի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները որոնք ստորագրեցին «Charta Oecumenica»ն։

Քրիստոնեաներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով «Charta Oecumenica - Տիեզերական փաստաթուղթ»ին (որ ուղղուած է Եւրոպայի քրիստոնէեայ եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման), որուն վերանայուած տարբերակը ստորագրուեցաւ երեկ Հռոմի մէջ, հաստատեց, որ պայմանաւորուած Քրիստոնեաներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու անընդհատ փոփոխութեամբ , «անհրաժեշտութիւն առաջացած էր փաստաթուղթի առաջին ստորագրումէն քսանհինգ տարիներ ետքը վերանայելու» զայն՝ կարողանալու համար «Աւետարանը հռչակել առաքելութեան հայող ժամանակակից ընդհանուր մտահոգութիւններու ծիրէն ներս»։

Նոր սերունդներ եւ նոր ժամանողներ

Պապը նկատել տուաւ, ապա, որ Եւրոպայի որոշ մասերու մէջ ճիշտ է կան «դրական եւ խրախուսական նշաններ», սակայն «քրիստոնէական համայնքները միշտ աւելիով իրենք զիրենք փոքրամասնութիւն կը զգան»։ Ցամաքամասը այսօր կը ներառէ «նոր սերունդներ եւ նոր ժամանողներ», որոնք իրենց հետ կը բերեն անձնական պատմութիւններ եւ «բազմազան մշակութային արտայայտութիւններ»: Այս նոր ձայները, նշեց Պապը, պէտք է լսելի ըլլան եւ այդ նոր պատմութիւնները պէտք է ընդունուին ամենօրեայ հանդիպումներու եւ աւելի սերտ յարաբերութիւններու միջոցաւ՝ չմոռնալով երկխօսութեան, ներդաշնակութեան եւ եղբայրութեան խթանման հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ամբողջ ցամաքամասին մէջ տարածուած բռնութեան եւ պատերազմի աղմուկին մէջ։ Հետեւաբար, «Տիրոջ շնորհքը, ողորմութիւնը եւ խաղաղութիւնը իսկապէս կարեւոր են», քանի որ միայն աստուածային օգնութիւնը կարող է ցոյց տալ Քրիստոսը հռչակելու ուղին, այս «շատ դժուար համատեքստներէն ներս»:

Որտեղ յաջողութեան հասած ենք եւ որտեղ ձախողած

Ասկէ մեկնելով, Քահանայապետը նշեց, որ «նոր «Charta Oecumenica»ն կը վկայէ Եւրոպայի եկեղեցիներու պատրաստակամութիւնը՝ մեր պատմութեան Քրիստոսին աչքերով նայելու», Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ հասկնալու, «թէ ու՞ր հասած ենք յաջողութեան, եւ ու՞ր ձախողած ենք եւ ու՞ր երթալ՝ Աւետարանը նորովի հռչակելու համար»։ Փաստաթուղթը, բացի այդ, կ’ընդգծէ Եւրոպայի մէջ տարբեր աւանդոյթներու քրիստոնեաներու կողմէ ձեռնարկուած ընդհանուր ճանապարհորդութիւնը, որոնք կարող են ունկնդիր ըլլալ մէկը միսին ու խորհիլ միասին՝ Աւետարանն աւելի արդիւնաւէտ քարոզելու համար»։

Այս շրջագիծէն ներս, Սրբազան Հայրը նշեց փաստաթուղթի վերանայման գործընթացի ամենակարեւոր արդիւնքներէն մին, որ է՝ ժամանակակից մարտահրաւէրներու վերաբերեալ ընդհանուր տեսլական մշակելու եւ մայրցամաքի ապագայի համար առաջնահերթութիւններ սահմանելու կարողութիւնը, որ միաժամանակ կը պահպանէ Աւետարանի անսահման կարեւորութեան հանդէպ ամուր հաւատքը, զոր Լեւոն ԺԴ․ բնութագրեց միասին քալելու «սինոտալ» ջանք։

Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովը եւ Յոբելենական Սուրբ Տարին

Ան, ի վերջոյ, յիշեցուց առաջիկայ օրերուն «Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի վայր իր այցելութեիւնը» եւ յայտարարեց, որ յոյսի «Յոբելենական տարուայ իր ցանկութիւնն է նաեւ հռչակել Եւրոպայի բոլոր ժողովուրդներուն, որ «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսն է», քանզի «Ան եւ՛ այն ուղին է, որուն պէտք ենք հետեւիլ, եւ՛ մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան վերջնական նպատակակէտն է:

Լեւոն ԺԴ․ աւարտին իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն վրայ՝ հրաւիրելով միասին աղօթելու «Հայր մերը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2025, 11:00