Որոնել

2025.11.13 La copertina del libro del Papa edito da LEV "La forza del Vangelo"

Լևոն ԺԴ. Մենք մեզ եղբայրներ ճանչնալը՝ բոլոր ծայրայեղականութիւններու դէմ հակաթոյն է

«Աւետարանի ուժը. քրիստոնէական հաւատքը 10 բառով», վերտառութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապին գիրքը լոյս տեսաւ այսօր՝ 20 նոյեմբերին, Վատիկանի հրատարակչութեան կողմէ: Լորենցօ Ֆացինիի խմբագրութեամբ հրատարակուած հատորը Սրբազան Պապին ելոյթներու և պատգամներու ժողովածու է
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տասը բառ: Տասը բառը շատ չէ, բայց անոնք կարող են սկսիլ քրիստոնէական կեանքի հարստութեան մասին քննարկում մը: Այսպիս, սկսելու համար ես կցանկանայի ընտրել այս տասը բառերէն երեքը՝ որպէս մեկնարկային կէտ այս էջերը կարդացողներու հետ երևակայական երկխօսութիւն համար. Քրիստոս, հաղորդութիւն, խաղաղութիւն»։ Այս խօսքերով կը սկսի այսօր հրապարակուած «Աւետարանի ուժը. քրիստոնէական հաւատքը 10 բառով», վերտառութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապին գիրքին նախաբանը, որ լոյս տեսաւ այսօր՝ 20 նոյեմբերին, Վատիկանի հրատարակչատան կողմէ խմբագրութեամբ Լորենցօ Ֆացինիի որ կը պարունակէ Սրբազան Պապին ելոյթներն ու պատգամները։

Քրիստոս

Ան հաւատքի կեդրոնն է. ոչ թէ հեռաւոր կամ անհասանելի Աստուած, այլ մօտիկ ներկայութիւն, որ կը դրսևորուի Յիսուսի մարդկայնութեան մէջ: Հաւատքը ջանք չէ, այլ այս աստուածային բարեկամութեան ընդունում, որ կը վերափոխէ հաւատացեալը: Սուրբ Օգոստինոսը մեզի կը յիշեցնէ, որ քրիստոնեաները, միացած Քրիստոսի հետ, կը դառնան Անոր մէկ մասը։

Հաղորդութիւն

Քրիստոսը կամուրջ է ընդմէջ մարդոց եւ Աստուծոյ ու նաեւ մարդոց միջեւ։ Եկեղեցին նշանն է այս հաղորդութեան, հասարակութիւն մը ուր տարբերութիւնը կը դառնայ հարստութիւն, նման տարբեր ծաղիկներով պարտէզի մը։ Եկեղեցւոյ միութիւնը կը վկայէ եղբայրական սէրը եւ հաշտուած մարդկայնութեան մը կարելիութիւնը։

Խաղաղութիւն

Քրիստոնէական խաղաղութիւնը կը ծնի սէրէն եւ ոչ երբեք բռնութենէն կամ ոխերմութենէն։ Կառուցուածքային անարդարութիւններու և աճող անհաւասարութիւններու առջև կանգնած՝ Լևոն ԺԴ-ը մեզ կը հրաւիրէ զիրար ճանչնալ որպէս եղբայրներ և քոյրեր՝ ծայրայեղականութեան բոլոր ձևերուն դիմակայելու համար: Ան կը յիշեցնէ Երանելի Christian de Chergé օրինակը, որ ամենէն առաջ կ՛աղօթէր իր սեփական անզէն ներքին վերափոխման համար:

Մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսին՝ «Մենք ենք ժամանակները» խօսքը, Քահանայապետը կը հաստատէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կարող է իր ժամանակը դարձնել աւելի լաւը՝ աղօթքի, վկայութեան և խաղաղութեան ի սպաս յանձնառութեան միջոցաւ:

Իր այս գրութեամբ Լեւոն ԺԴ. կը հրաւիրէ քրիստոնեաները թոյլ տալու առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն, որպէսզի դառնան աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ ողորմութեան պատգամաբերներ առանց տեղ տալու յուսահատութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2025, 08:00