Աղօթե՛նք ինքնասպանութեան մտքերով տառապողներուն համար․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
«Աղօթե՛նք, որպէսզի մարդիկ, որոնք կը տառապին ինքնասպանութեան մտքերով, անհրաժեշտ աջակցութիւն, խնամք ու սէր գտնեն իրենց համայնքներէն ներս եւ բացուին կեանքի գեղեցկութեան առջեւ»։ Այս է Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին Նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան նիւթը, զոր լոյս տեսաւ այսօր` 4 Նոյեմբեր 2025ին, լսատեսողական պատգամի մը միջոցաւ, հրատարակուած «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցին կողմէ։
Տեսերիզի միջոցաւ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ, որ բոլորը՝ «նոյնիսկ հաւատացեալները կարող են խոցելի ըլլալ անյոյս տխրութեան դիմաց», որ աւելի անտանելի կը դառնայ միայնութեան պատճառաւ։ Հետեւաբար, Պապը կը խնդրէ Եկեղեցւոյ բոլոր կառոյցներէն «բաց ու կարեկից սրտով» ունկնդիր ըլլալ եւ ուղեկցիլ դժուարութիւններու մէջ գտնուողներուն՝ կանխելու համար յուսահատ մարդոց տառապանքը, որոնք կ’ապրին սեփական կեանքը խլելու գայթակղութիւնը։
Թող Տէրը մեզի սորվեցնէ «յարգանքով եւ քնքշութեամբ» մօտենալ անոնց, «առաջարկել մխիթարութիւն եւ աջակցութիւն» եւ խրախուսել զանոնք դիմելու «անհրաժեշտ մասնագիտական օգնութեան»։ Մեր մարդկային սիրտը, ինչպէս Յիսուսին Սիրտը, զերծ չէ վէրքերէն ու տառապանքներէն: Ոեւէ մէկը իրեն ապահովագրուած չի կրնար զգալ յուսահատութեան խաւարէն, ուստի, քրիստոնէական համայնքները պէտք է դառնան ընդունելութեան ու խնամքի վայրեր, որտեղ ինքնասպանութեան մտքերով տառապողները իրենք զիրենք զգան ինչպէս իրենց տան մէջ, կը նշէ Լեւոն ԺԴ․ լսատեսողական պատգամին մէջ։
Աւելցնենք, որ 2025 թուականի Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս Քահանայապետի լսատեսողական պատգամը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ եւ յոբելենական ներողամտութեան շնորհքը ստանալու համար մենք պէտք ենք նաեւ աղօթել այս դիտաւորութիւններուն համար։
Ինքնասպանութիւնը՝ ընդհանրական խնդիր
Ինքնասպանութիւնը ժամանակակից հասարակութեան լուրջ խնդիրներէն է. Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ աշխարհի մէջ ինքնասպանութիւն կը գործէ տարեկան շուրջ 720,000 մարդ, կամ օրական՝ շուրջ 2000 մարդ: 56 առ հարիւրը կը վերաբերի մինչեւ 50 տարեկան անձերուն, հարուածի տակ է յատկապէս 15-29 տարիքային խումբը, որուն շրջանակէն ներս ինքնասպանութիւնը մահուան երրորդ ամենատարածուած պատճառն է։ Պատկերը առ աւելիով կը լրջանայ դեռահասներու շրջանին, ուր ինքնասպանութիւնը մահուան երկրորդ պատճառը նկատուած է:
Ինքնասպանութիւն գործած անձերու 73 առ հարիւրը կ’ապրի ցած եւ միջին եկամուտ ունեցող Երկիրներու մէջ, բայց աւելի հարուստ Երկիրները նոյնպէս զերծ չեն այդ վտանգէն. օրինակ՝ ԱՄՆ-ի մէջ ինքնասպանութիւններու ներկայ մակարդակը մէկ երրորդով աւելի բարձր է՝ 2000 թուականի համեմատ:
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը կը յիշեցնէ մեզի, որ ինքնասպանութիւնը կը հակասէ մենք մեզ, ուրիշները եւ Աստուած սիրելուն։ Սակայն լուրջ հոգեկան խանգարումները, տառապանքի կամ խոշտանգումներու խոր վախը կարող են նուազեցնել անձնական պատասխանատուութիւնը: Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, միաժամանակ կը հրաւիրէ չի յուսահատիլ ինքնասպանութիւն գործած անձերու յաւերժական փրկութեան մէջ եւ զանոնք վստահիլ Աստուծոյ ողորմածութեան եւ համայնքի աղօթքներուն:
Ֆինիքս. թեմական յանձնառութիւն՝ աջակցելու եւ կանխելու համար
Այս ամսուայ տեսանիւթը նկարահանուած է Արիզոնա նահանգի Ֆինիքսի թեմին մէջ, որուն համար հոգեկան առողջութիւնը հովուական ծառայութեան առաջնահերթութիւն է։ Ան իր յատուկ գրասենեակի միջոցաւ կը ծաւալէ անհրաժեշտ գործունէութիւն՝ վերապատրաստման դասընթացներ, համագործակցութիւն տեղական կազմակերպութիւններու եւ առողջապահական հաստատութիւններու հետ, ուղեցոյցներու տրամադրում եւ այլն, հոգեկան հիւանդութիւններու առկայ խնդիրը դիմագրաւելու նպատակով:
Ինքնասպանութեան կանխարգելման նիւթը խորապէս կը քննէ Եկեղեցին
«Ինքնասպանութեան կանխարգելման նիւթը», ըստ Քահանայապետի համաշխարհային աղօթքի ցանցի միջազգային տնօրէն Հայր Քրիսթոպալ Ֆոնէսի, «խորապէս կը քննէ Եկեղեցին»։ Հոգեկան առողջութեան փխրունութեան անդրադարձած էր նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ 2021 թուականի Նոյեմբերին՝ խնդրելով աղօթել հոգեճնշումի մատնուած անձերուն համար, ինչպէս նաեւ 2020 թուականի Ապրիլին՝ կախուածութիւններուն գերի դարձած անձերուն համար, նշած է նաեւ Հայր Ֆոնէսը՝ աւելցնելով, որ Լեւոն ԺԴ․, որ իր հերթին, զգայուն է այսօրեայ հասարակութեան համար այս կարեւորագոյն խնդրի նկատմամբ, այժմէն հաստատած է 2026 թուականի Հոկտեմբեր ամսուայ համար հոգեկան առողջութեան հովուական խնամքի վերաբերեալ աղօթքի յատուկ դիտաւորութիւնը։
2025 թուականի Նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը պատրաստած եւ տարածած է «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցը»՝ ԱՄՆ Ֆինիքսի թեմի աջակցութեամբ եւ Վատիկան մետիայի հետ համագործակցութեամբ, եւ հնարաւոր է դիտել հետեւեալ յղումով․
Sito ufficiale Il Video del Papa
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
