Միասին աղօթե՛նք պատերազմական միջավայրերէն ներս քրիստոնեաներուն համար․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
«Աղօթե՛նք, որպէսզի պատերազմի կամ հակամարտութեան միջավայրերու մէջ ապրող քրիստոնեաները, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ըլլան խաղաղութեան, հաշտեցման եւ յոյսի սերմեր»։ Այս է Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին՝ Դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը, որուն լսատեսողական պատգամը լոյս տեսաւ այսօր՝ 26 Նոյեմբերին՝ Անոր Թուրքիա եւ Լիբանան առաջին Առաքելական ճամբորդութեան ընդառաջ, որ պիտի մեկնարկի վաղը։
2025 թուականի վերջին ամսուայ այս տեսերիզին մէջ, նկարահանուած ու տարածուած նախաձեռնութեամբ «Քահանայապետի աղօթքին համաշխարհային ցանց» շարժումին եւ համագործակցութեամբ «Vatican Media»ին, Նորին Սրբութիւնը մեզմէ կը խնդրէ աղօթելու եւ անձամբ աղօթք կը բարձրացնէ առ «խաղաղութեան Աստուած», որպէսզի պատերազմական պայմաններու մէջ ապրող քրիստոնեաները, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ըլլան խաղաղութեան, հաշտեցման եւ յոյսի սերմեր»։
Յոյսի կառուցողներ, խաղաղութեան գործիքներ
«Նոյնիսկ պատերազմի եւ բռնութեան մէջ», թող, որ քրիստոնեաները, Աստուծոյ բարութիւնը զգալով եւ իրենց հաւատքի եղբայրներու ու քոյրերու աղօթքներով զօրացած, «դառնան հաշտութեան սերմեր, յոյսի կառուցողներ մեծ ու փոքր վարմունքներով, ունակ ներելու եւ առաջ շարժելու, բաժանումները յաղթահարելու եւ ողորմածութեամբ արդարութիւն փնտռելու», կը նշէ Պապը:
Ոչ միայն այնտեղ ապրող քրիստոնեաները, այլեւ բոլոր քրիստոնեաներս կոչուած ենք ըլլալու «խաղաղութեան գործիքներ»։ Յիսուս «երանելի կոչեց անոնց, որոնք կ’աշխատին յանուն խաղաղութեան», կը շեշտէ Լեւոն ԺԴ․ եւ կը խնդրէ Սուրբ Հոգիէն աջակցել «տառապողներու հաւատքին», «թոյլ չտալ, որ անտարբերութեան գիրկը իյնանք» եւ մեզ դարձնել «միասնութեան կառուցողներ»:
Պահպանել հաւատքը եւ համակեցութեան կամուրջներ կառուցել
Համաձայն «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն - Aiuto alla Chiesa che Soffre - ACS» կազմակերպութեան կրօնական ազատութեան վերաբերեալ 2025 թուականի զեկոյցի՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութիւններու քանակը եւ սոցիալ տնտեսական պայմանները ծայրայեղ խոցելի կը դարձնեն կրօնական փոքրամասնութիւնները, մասնաւորապէս քրիստոնեաները:
Պաղեստինի մէջ, երկու տարի պատերազմէն ետք, բնակչութիւնը հիւծուած է, եւ շատ եկեղեցիներ դարձած են անտուն ընտանիքներու ապաստաններ:
Լիբանանի մէջ ծանր տնտեսական ճգնաժամը հարիւր հազարաւոր մարդոց ստիպած է արտագաղթի, դատարկելով ծխական համայնքներն ու դպրոցները:
Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ վերակառուցումը կը դժուարանայ քաղաքական անկայունութեան, անապահովութեան եւ երիտասարդներու համար հեռանկարներու բացակայութեան պատճառաւ:
Այնուամենայնիւ, այս դժուարութիւններու մէջ շատ փոքր համայնքներ կը շարունակեն պահպանել իրենց հաւատքը, ծառայել աղքատներուն եւ համակեցութեան կամուրջներ կառուցել այլ հաւատք դաւանող իրենց հարեւաններու հետ:
Սրբազան Հօր աղօթքի դիտաւորութեան ուղեկցող պատկերները վկայութիւնն են ըսուածի, ուր, ի մասնաւորի, մէկը միւսին կը յաջորդեն պատկերներ անսասան հաւատքի օրինակներով․ Իրաքի գիւղերը կրկին կեանքի կոչուած են պատերազմէն ետք, Կազայի ծխական համայնքը նոյնիսկ ռմբակոծութիւններու օրերուն չի կորսնցուցած արտակարգ ուժը, Քարիթասի աշխատանքը անփոխարինելի է Լիբանանի մէջ աղքատներու եւ հարեւան երկիրներէ փախստականներու շրջանին, սուրիական վանքերը հոգեւորականութեան ովասիսներ են․ այս ամէնը, ինչպէս Քահանայապետը կ'արտասանէ իր աղօթքի մէջ, «յոյսի աղբիւրներ են ամենամութ պահերուն»։
Ֆրանչիսկոսէն մինչեւ Լեւոն Պապ
«Քահանայապետի համաշխարհային աղօթքի ցանցի» միջազգային տնօրէն Հայր Քրիսթոպալ Ֆոնէսը նշած է, որ պատերազմական միջավայրերու մէջ քրիստոնեաներու պայմանները Քահանայապետերու մշտական մտահոգութեան առարկայ եղած են եւ յիշեցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապի աղօթքի դիտաւորութիւնները՝ յանուն դժուարին իրավիճակներու մէջ ապրող քրիստոնեաներու․ հալածուած քրիստոնեաներու համար (Մարտ 2017), Մերձաւոր Արեւելքի մէջ երկխօսութեան եւ հաշտեցման համար (Նոյեմբեր 2019), խտրականութեան եւ հալածանքներու ենթարկուած կրօնական համայնքներու համար (Յունուար 2022) եւ Քրիստոսի վկաներու՝ նոր նահատակներու համար (Մարտ 2024) ։ Լեւոն ԺԴ․, Դեկտեմբեր ամսուայ իր աղօթքի դիտավորութեամբ, կը շարունակ է այս ժառանգութիւնը՝ որ կը զուգադիպի Անոր Թուրքիա եւ Լիբանան առաջին առաքելական ուղեւորութեան հետ»։
Աւելցնենք, որ 2025 թուականի Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս Քահանայապետի լսատեսողական պատգամը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ եւ յոբելենական ներողամտութեան շնորհքը ստանալու համար մենք պէտք ենք նաեւ աղօթել այս դիտաւորութիւններուն համար։
2025 թուականի Դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը հնարաւոր է դիտել հետեւեալ յղումով․
Sito ufficiale Il Video del Papa
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
