Որոնել

2025.11.14 Inaugurazione dell'Anno Accademico - Pontificia Universita' Lateranense

Ակադեմիական կրթութիւնը կ՚օգնէ դուրս ելլելու ինքնագովութեան սահմաններէն եւ կը խթանէ երկխօսութեան մշակոյթը․Լեւոն ԺԴ.

Սրբազան Պապը այսօր բացումը կատարեց Լատերանի Քահանայապետական Համալսարանի 2025-2026 ուսումնական տարուան․ Կրթական եւ ակադեմիական գործընթացի նպատակն է, ըստ էութեան, պատրաստել մարդիկ, որոնք ճշմարտութեան ու արդարութեան ոգիով կարող են ըլլալ նոր, աջակցող եւ եղբայրական աշխարհի կառուցողներ: Համալսարանը կարող է եւ պէտք է դառնայ այս նոր աշխարհի եւ ընդհանուր բարօրութեան հետապնդման նշանն ու արտայայտութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Լատերանի համալսարանը յատուկ տեղ ունի Քահանայապետին սրտին մէջ եւ Քահանայապետը կը քաջալերէ ունենալ մեծ երազանքներ, պատկերացնել հնարաւոր տարածութիւններ ապագայի քրիստոնէութեան համար եւ աշխատիլ ուրախութեամբ, որպէսզի բոլորը կարողանան Քրիստոսին յայտնաբերել եւ, Անոր մէջ գտնել լիութիւնը, որուն կը ձգտին։

Խօսքերն են ասոնք, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Լատերանի Քահանայապետական Համալսարանի 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի բացման առիթով, ուրբաթ՝ 14 Նոյեմբերին ունեցած իր ճառին մէջ՝ գլխաւորելով համալսարանի պատմութեան 253-րդ «Dies Academicus»ը։

Յատուկ առիթ, նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը՝ շարունակելով իր ճառը, «երախտապարտ հայեացք նետելու դէպի անցեալ, բայց նաեւ աչքերը եւ սրտերը՝ ուղղելու դէպի ապագայ, քանզի կարիքը կայ Համալսարանի կողմէ մատուցուող արժէքաւոր ծառայութեան»։

Քահանայապետերու եւ Լատերանի Համալսարանի միջեւ երկար պատմութիւն

Պապը ապա անդրադարձաւ Լատերանի Համալսարանի պատմութեան տարբեր փուլերուն՝ Քլեմենթէ ԺԴ․ Պապի կողմէ 1773 թուականին հիմնադրումէն սկսեալ մինչեւ Յովհաննէս ԻԳ․ կողմէ անոր համալսարանական կարգավիճակի շնորհումը՝ չմոռնալով ընդգծել այդ ընթացքին եւ անոր յաջորդած տարիներուն Հռոմի Եպիսկոպոսներու առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները «Պապի Համալսարանին» հետ, ինչպէս զայն բնութագրած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը․։

«Այս կապը վերահաստատեցին Պենետիկտոս Պապը եւ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Վերջինս ստեղծեց կրթական եւս երկու ոլորտներ՝ Խաղաղութեան եւ Բնապահպանութեան գիտութիւններ», նկատել տուաւ Լեւոն ԺԴ.

Լեւոն ԺԴ․ կողմէ՝ Լատերանի համալսարանին ուղղած մաղթանքը

Հաստատելով ապա իր երանաշնորհ նախորդներու կողմէ ստեղծածը, Քահանայապետը ուրուագծեց նաեւ Լատերանի Քահանայապետական Համալսարանի առաքելութիւնը այսօրեայ ժամանակաշրջանի համար, որ ըստ Անոր կը նշանակէ ի միջի այլոց․

- Բաց ըլլալ միջառարկայական, միջազգային եւ միջմշակութային երկխօսութեան ու հեռանկարներուն՝ հիմնուելով Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան վրայ,

- Պատրաստել մասնագէտներ՝ ունակ արձագանքելու ժամանակակից մշակութային, ընկերային ու բնապահպանական մարտահրաւէրներուն,

- Մտածել եւ վերաիմաստաւորել հաւատքը ներկայիս մշակութային իրավիճակներու լոյսի ներքոյ, հակազդելով մշակութային դատարկութիւններուն եւ առաջարկելով կենդանի, հաւաստի եւ փոխակերպող հաւատք,

- Զարգացնել իրաւաբանական գիտութիւնները. ուսումնասիրել եւ դասաւանդել իրաւունքը՝ ընդլայնելով քաղաքացիական եւ կանոնական համակարգերու համեմատութիւնը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով վարչական գործընթացներուն՝ որպէս Եկեղեցւոյ հրատապ մարտահրաւէր։

«Մարդիկ ձեւաւորելը՝ Լատերանի Քահանայապետական Համալսարանի առաքելութեան սիրտն է», շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը եւ, ասկէ մեկնելով, երեք առարկայական ծաւալներու միջոցաւ առաջարկեց որոշ լուծումներ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն։

Փոխադարձութիւն եւ եղբայրութիւն

Առաջին հերթին, Ան ընդգծեց թէ՝ «փոխադարձութիւնը եւ եղբայրութիւնը, պէտք է կրթութեան սիրտին մէջ ըլլան։ Այսօր, ցաւօք, ըսաւ Ան, «մարդ» բառը յաճախ որպէս անհատի հոմանիշ կ’օգտագործուի եւ անհատականութիւնը կը նկատուի որպէս յաջողակ կեանքի գրաւական, կ՚ընդգծուի ինքնագովազդը, կը խրախուսուի «ես»ի գերակայութիւնը, կը դժուարանայ համագործակցութիւնը: Կ՚աճին նախապաշարմունքներն ու խոչընդոտները ուրիշներու, յատկապէս տարբերուողներու նկատմամբ: (…) Ակադեմիական կրթութիւնը կ՚օգնէ դուրս ելլել ինքնագովութեան սահմաններէն եւ կը խթանէ փոխադարձութեան ու երկխօսութեան մշակոյթը»:

Գիտականութիւն

Պապի նշած երկրորդ ծաւալը գիտականութիւնը եղաւ․ «մեզի անհրաժեշտ են պատրաստուած եւ իրաւասու աշխարհականներ ու քահանաներ», հաստատեց Ան, եւ կոչ ըրաւ «չթուլացնել զգօնութիւնը գիտականութեան նկատմամբ՝ հետապնդելով ճշմարտութեան բաղձալի որոնում եւ սերտ կապ այլ գիտութիւններու, իրականութեան, հասարակութեան խնդիրներու եւ նեղութիւններու հետ»։

Հասարակաց բարիք

Կրթական եւ ակադեմիական գործընթացի նպատակն է, ըստ էութեան, պատրաստել մարդիկ, որոնք ճշմարտութեան ու արդարութեան ոգիով կարող են ըլլալ նոր, աջակցող եւ եղբայրական աշխարհի կառուցողներ: Համալսարանը կարող է եւ պէտք է դառնայ այս նոր աշխարհի եւ ընդհանուր բարօրութեան հետապնդման նշանն ու արտայայտութիւնը, եղան Լեւոն ԺԴ․ Պապին շեշտադրումները երրորդ ծաւալի առնչութեամբ, որ վերաբերեցաւ հասարակաց բարիքին։

Յուսով եմ, որ այս մեծ սիրով կը շարունակէք ուսումնասիրել քրիստոնէական հաւատքի առեղծուածը միշտ երկխօսութեան մէջ աշխարհի, հասարակութեան եւ այսօրեայ հարցադրումներու ու մարտահրաւէրներու հետ, նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ իր պատգամը աւարտեց բոլոր համալսարանականներուն մաղթելով լաւ ակադեմիական տարի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2025, 11:57