Ցեղապաշտութեան դէմ համաշխարհային օր Ցեղապաշտութեան դէմ համաշխարհային օր  (Copyright 2011 Brett Jorgensen Photography)

Լեւոն ԺԴ. Ճշմարիտ միսիոնարը չի տիրապետեր, այլ կը սիրէ, չի պարտադրեր, այլ կը ծառայէ եւ հաւատքը կը բաժնէ իբրեւ հաց

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը յղեց Մեքսիքոյի Փուէպլա տէ լոս ԱնՃելէսի Միսիոնարական Ազգային ԺԷ. Համագումարի մասնակիցներուն ու խօսքը կեդրոնացուց Մատթէոս աւետարանիչէն քաղուած Երկինքի արքայութեան թթխմորին առակին վրայ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը յղեց Մեքսիքոյի Փուէպլա տէ լոս ԱնՃելէսի Միսիոնարական Ազգային ԺԷ. Համագումարի մասնակիցներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց առատաձեռնութեան՝ միսիոնարական գործին աջակցելու համար։ Քահանայապետը պատգամը կեդրոնացուց Երկինքի արքայութեան թթխմորին առակին վրայ, (Մատթ 13,33 ) որ նման է խմորիչի, որ բոլոր զանցուածը կը խմորէ։

Եկեղեցին որպէս կին։ Մէջբերելով Յերոնիմոսը, Քահանայապետը եկեղեցին բաղդատեց այն կնոջ հետ, որը կը խառնէ խմորիչը (հաւատքը) ալիւրին (ժողովուրդներու պատմութեան ու մշակոյթներուն) հետ՝ զանոնք ներսէն փոխակերպելու համար։

Կուատալուփէի Տիրամայրը։ Սուրբ Մարիամ Կուատալուփէի յայտնութիւնը այս կատարեալ ինքնամշակութայնացման նշանն է, որը թափ տուաւ առաջին աւետարանիչներու առաքելութեան։

Խուան տէ Փալաֆոքս ի Մենդոսայի Օրինակը։ Քահանայապետը շեշտեց Երանելի Խուան տէ Փալաֆոքս ի Մենդոսայի՝ Փուէպլայի եպիսկոպոսի կերպարը, որպէս օրինակելի հովիւ եւ միսիոնար, որ իր ծառայութիւնը հասկցաւ իբրեւ սպասարկում եւ խմորիչ։

Կառավարելը ծառայել է։ Ճշմարիտ միսիոնարը չի տիրապետեր, այլ կը սիրէ. Չի պարտադրեր, այլ կը ծառայէ եւ հաւատքը կը բաժնէ իբրեւ հաց՝ առանց անձնական շահեր փնտռելու։

Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց կոչ ընելով այսօրուան միսիոնարներուն՝ ըլլալու Եկեղեցիին ձեռքերը, որոնք Յարութիւն Առածին թթխմորը կը դնեն պատմութեան զանգուածին մէջ, չնայած աղքատութեան ցաւերուն, բաժանումներուն եւ նոր մարտահրավէրներուն։Պէտք է «ձեռքերը դնել աշխարհի խմորին մէջ» եւ միայն խօսիլը բաւարար չէ ու քաջալերեց Մեքսիքոյի Եկեղեցին շարունակելու ըլլալ յոյսի միսիոներներ եւ խաղաղութեան արհեստաւորներ, եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց՝ խնդրելով Սուրբ Մարիամ Կուատալուփէի բարեխօսութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2025, 11:32