Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան տաճարը Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան տաճարը  (@Vatican Media)

Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան Պազիլիքայի նուիրումի տօնը. Պատարագ՝ Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ

Լատերանեան տաճարը՝ «Քաղաքին և Աշխարհի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մայրն ու Գլուխը»։ Համապատարագի Հրաւէր Յոբելեանները Տօնող Քահանաներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան եկեղեցւոյ նուիրումի տօնին առիթով, կիրակի, նոյեմբեր 9-ին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, տեղի կ՝ունենայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ գլխաւորութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապին։ Պատարագի երեգեցողութիւնը պիտի կատարարէ Հռոմի Թեմի եւ Սիքտինենան մատրան երգչախումբերը։

Այս առիթով, եկեղեցի մուտքը թոյլատրուած է առաւօտեան ժամը 7-էն մինչև 8.45-ը։ Հաւատացեալները կրնան մուտք գործել և մասնակցիլ տօնակատարութեան։

Պատարագին հրաւիրուած են համապատարագելու այն քահանաները, որոնք կը տօնեն իրենց յոբելեանները, այսինքն՝ ձեռնադրութեան տասներորդ, յիսուներորդ և վաթսուներորդ տարեդարձները։

324 թուականի նոյեմբերի 9-ին Սիլվեսթըր Ա պապի կողմէ օծուած Եկեղեցին որուն կառուցումն ու ֆինանսաւորումը հոգացած էր Կոստանդիանոս կայսրը, Լատերանը դարձաւ առաջին եկեղեցին, ուր քրիստոնեաները կարող էին ազատօրէն և հրապարակայնօրէն կատարել իրենց պատարագները։

Տաճարը սկզբնական շրջանին նուիրուած էր Ամենասուրբ Փրկչին, ապա 9-րդ դարուն Սերճօ Գ պապը զայն նուիրեց Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին եւ վերջապէս, 12-րդ դարուն Լուչօ Բ պապը ներառեց նաև Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչը։

Արդարեւ անոր ամբողջական անուանումն է Լատերանի մէջ Ամենասուրբ Փրկչի և Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ու Աւետարանիչի պապական աւագ պազիլիքա։ Ան կը կրէ նաեւ «Omnium Urbis et Orbis Ecclesiarum Mater et Caput» անուանումը, կամ «Քաղաքի և աշխարհի բոլոր եկեղեցիներու մայրը և գլուխը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2025, 14:30