Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Քանատայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասէն եպիսկոպոսներ Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Քանատայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասէն եպիսկոպոսներ  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը Քանատայի եպիսկոպոսներուն նուիրեց բնիկ ժողովուրդներուն պատկան արուեստական գործեր

Սուրբ Աթոռի ու Քանատայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Համատեղ յայտարարութիւնը։ Լեւոն ԺԴ. Պապը Քանատայի եպիսկոպոսներուն նուիրեց բնիկ ժողովուրդներուն պատկան արուեստական գործեր, որոնք 1925 թուականին Հռոմ փոխադրուած էին, Յոբելինական Սուրբ Տարուան եւ Միսիոնարական Ցուցահանդէսի առիթով, Պիոս ԺԱ Պապին Քահանայապետութեան ժամանակաշրջանին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 15 նոյեմբերին Սուրբ Աթոռն ու Քանատայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը հրապարակելով Համատեղ Յայտարարութիւն մը տեղեկացուցին, որ այսօր՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատին մէջ ընդունեց Գերպ Պիեօ Կուտրօն՝ Սենթ-Անն-տը-լա-Պոքաթիէրի Եպիսկոպոսը եւ Քանատայի Եպիսկոպոսց համահաւաք դասի նախագահը, որուն ընկերակցած էին գերպ Ռիչըրտ Սմիթը՝ Վանքուվրի Արքեպիսկոպոսը եւ Հ. Ժան Վեզինան՝ նոյն եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Քարտուղարը։

Հանդիպումին ընթացքին, Քահանայապետը Քանատայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նուիրեց Վատիկանի թանգարաններու ազգագրական հաւաքածոներուն պատկանող վաթսուներկու արուեստական գործեր։

Համերաշխութեան եւ եղբայրութեան շօշափելի նշան մը

Այս նուէրով, որ կը յատկանշէ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սկսած ճամբորդութեան աւարտը՝ 2022 թուականի Քանատայի Առաքելական այցելութիւնը, բնիկ համայնքներու հետ հանդիպումները եւ 2023 թուականի «Doctrine of Discovery»-ի հրապարակումը, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ուզեց, որ շօշափելի նշան ներկայացնէ երկխօսութեան, յարգանքի եւ եղբայրութեան։

«Ասիկա եկեղեցական բաժնեկցութեան գործողութիւն մըն է, որուն միջոցաւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդը Քանատայի Եկեղեցիին յանձնեց արուեստական գործեր, որոնք կը վկայեն հաւատքի եւ բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթներուն միջեւ հանդիպման պատմութիւնը։

Վաթսուներկու Արուեստական գործերու ծագումը

Յայտարարութեան մէջ նշուած է որ այդ վաթսուներկու արուեստական գործերը, որոնք տարբեր համայնքներէ կու գան, մաս կը կազմեն այն ժառանգութեան, որ հասած են 1925 թուականին, Սուրբ Տարուան առթիւ Պիոս ԺԱ Պապի կողմէ նախաձեռնուած, Միսիոնարական Ցուցահանդէսի առիթով, որպէսզի վկայէ ժողովուրդներու հաւատքը եւ մշակութային հարստութիւնը ու այդ արուեստական գործերը ուղարկուած էին 1923-1925 թուականներուն Կաթողիկէ Միսիոնարներու կողմէ որոնք յետագային ներառուեցան Լատերանի Միսիոնարական Ազգագրական Թանգարանին մէջ, որ յետոյ դարձաւ Վատիկանի Թանգարաններու «Անիմա Մունտի» (Anima Mundi) Ազգագրական Թանգարանը։

Համատեղ յայտարարութեան մէջ կը կարդանք, որ Սրբազան Քահանայապետին նուէրը կը տեղաւորուի 2025 թուականի Յոբելեանի շրջագիծին մէջ, որ կը նշէ Յոյսը ու Վատիկանի Միսիոնարական Ցուցահանդէսի հարիւրամեակը ու այդ արուեստական գործերը ու անոնց հետ Վատիկանի Թանգարաններու պատկանող տեղեկութիւնները՝ որոնք կը հաստատեն անոնց ծագումը եւ 1925-ի Ցուցահանդէսի համար Հռոմ փոխադրելու հանգամանքները, յանձնուեցան Քանատայի Եպիսկոպոցաց համահաւաք դասին, որ Վատիկան Քաղաք Պետութեան մշակութային ժառանգութեան տնօրինութեան հետ հաւատարիմ գործակցութեան եւ երկխօսութեան ոգիով յանձնառու դարձաւ, որպէսզի այդ արուեստական գործերը պատշաճօրէն պահպանուին ու արժեւորուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2025, 11:56