Որոնել

Սուրբ Ժոն Հենրի Նիւմանը Սուրբ Ժոն Հենրի Նիւմանը  

Սուրբ Ժոն Հենրի Նիւմանը հռչակուեցաւ Ուրպանիանա Քահանայապետական համալսարանի պաշտպան Սուրբ

Լեւոն ԺԴ. Պապը ինքնագիր նամակով մը Սուրբ Ժոն Հենրի Նիւմանը հռչակեց Ուրպանիանա Քահանայապետական համալսարանի պաշտպան Սուրբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը ինքնագիր նամակով մը Սուրբ Ժոն Հենրի Նիւմանը հռչակեց Ուրպանիանա Քահանայապետական համալսարանի պաշտպան Սուրբ։

Ինքնագիր նամակի մէջ Սրբազան Հայրը գրեց, 

Նկատի առնելով Մեծարգոյ եղբօր, կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Կոքիմ Թակլէի՝ Քահանայապետական Ուրպանիանա համալսարանի Մեծն Քանցլերի ի պաշտօնէ ներկայացուցած խնդրանքը, որ իւրացուց նոյն համալսարանի Պապական պատուիրակ Ռեկթորին առաջարկը, կը սահմանեմ, որ Սուրբ Ժոն Հենրի Նիւմանը, Սուրբ Հռոմէական եկեղեցւոյ կարդինալ եւ Եկեղեցւոյ վարդապետ՝ ծնած 21 փետրուար 1801ին, Լոնտոնի մէջ, վախճանած Էտկպասթոնի մէջ՝ 11 օգոստոս 1890ին, սրբադասուած 13 հոկտեմբեր 2019ին սու Պետրոս հրապարակի վրայ, հռչակուի Ուրպանիանա Քահանայապետական համալսարանի պաշտպան սուրբ, որպէսզի Ան բարեխօսէ այդ ակադեմիական հաստատութեան համար ու դառնայ անոր մէջ եկեղեցւոյ միսիոնար ծառայութեան համար կրթուողներուն՝ հաւատքի եւ ճշմարտութեան անկեղծ որոնման պայծառ օրինակը։ 

Տուեալ ի Վատիկան` մէկ նոյեմբեր 2025-ին, Ամենայն Սրբոց տօնին օրը։ 

Լեւոն ԺԴ.

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2025, 11:31