Որոնել

Սուտանի մէջ տեղահանուածներ Սուտանի մէջ տեղահանուածներ 

Լեւոն ԺԴ. կոչը Տարֆուրի մէջ հրադադարի մը ի նպաստ ու հրաւէրը Թանզանիայի մէջ դիմելու երկխօսութեան ուղիին

Սրբազան Պապը կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու Սուտանի եւ Թանզանիայի համար ու կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան որպէսզի միջամտէ եւ երաշխաւորէ մարդասիրական օգնութիւններ։ Ան ապա յիշեց այսօր կէսօրէն ետքը Վերանօ գերեզմանին մէջ մատուցելիք պատարագը` նուիրուած ննջեցեալներու յիշատակի օրուան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 2 Նոյեմբեր 2025-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն, ըլլայ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, ըլլայ լրատուամիջոցներու միջոցաւ, «մեծ ցաւով» ակնարկեց «Սուտանէն եկած ողբերգական լուրերուն» յատկապէս «հիւսիսային Տարֆուրի «El Fasher» քաղաքէն» ուր «կիներուն և մանուկներուն նկատմամբ անխտիր բռնութիւնը, անպաշտպան քաղաքացիական բնակչութեան վրայ յարձակումները և մարդասիրական գործողութիւններու լուրջ խոչընդոտները անընդունելի տառապանքներ կը պատճառեն ամիսներ տևած հակամարտութենէն արդեն ուժասպառ եղած բնակչութեան» ըսաւ Ան։

Աղօթք Սուտանի եւ Թանզանիայի համար

«Աղօթենք` որպէսզի Տէրը ընկալէ ննջեցեալները, թիկունք կանգնի տառապողներուն ու դպչի պատասխանատուներու սրտերուն» յարեց ապա Քահանայապետը եւ նորոգեց իր սրտաբուխ կոչը ուղղուած «ներգրաւուած կողմերուն» ի նպաստ «հրադադարի մը եւ մարդասիրական օգնութիւններու միջանցքի հրատապ բացումին»։

Քահանայապետը ապա հրաւիրեց միջազգային հասարակութիւնը «վճռականօրէն և առատաձեռնօրեն միջամտելու, առաջարկելու համար օգնութիւն և աջակցելու անոնց, որոնք անխոնջ կ՛ աշխատին օգնութիւն տրամադրելու համար»։ Ան հրաւիրեց նաեւ աղօթելու Թանզանիայի համար, ուր «վերջերս կայացած քաղաքական ընտրութիւններէն ետքը, բռնկուեցան հակամարտութիւններ, բազմաթիւ զոհերով» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ եւս հրաւէր ուղղելով «զերծ մնալու բռնութեան որեւէ դրսեւորումէ ու քալելու երկխօսութեան ուղիին վրայ»։

Վերանօ գերեզմանատան մէջ պատարագ

Քահանայապետը առ այդ ողջոյնը ուղղեց հրապարակ ժամանած բազմահազար հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներու խումբերուն ապա յիշեց, թէ այսօր կէսօրէն ետքը Վերանօ գերեզմանատան մէջ պիտի մատուցէ պատարագ ի հոգւոյն հանգստեան բոլոր ննջեցեալներուն։

«Ես հոգեպէս պիտի այցելեմ իմ սիրելիներուս շիրիմները ու պիտի աղօթեմ բոլոր այն մեռեալներուն համար զոր ոչ մէկը կը յիշէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «մեր Երկնաւոր Հայրը մեզ կը ճանչնայ եւ կը սիրէ, մի առ մի, եւ չի մոռնար ոչ մէկը»։

Այս խօսքերէն ետքը Ան բոլորին մաղթեց բարի կիրակի «ննջեցեալներու քրիստոնէական յիշատակով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2025, 12:41