Լատին Ամերիկայի մէջ աշխատաւորուհի Լատին Ամերիկայի մէջ աշխատաւորուհի  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. Տնտեսութիւնը պէտք է խթանէ համապարփակ մարդկային զարգացումը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին պատգամը Արժանթինցի արդիւնաբերողներուն. տնտեսութիւնը եւ ձեռնարկութիւնը ուղղորդել դէպի ընդհանուր բարիքը, արդարութիւնը եւ ներառումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետ 13 Նոյեմբեր 2025ին կը պատգամ մը ուղղեց արժանթինի արդիւնաբերողներուն՝ յորդորելով տնտեսութիւնը եւ ձեռնարկութիւնը ուղղորդել դէպի ընդհանուր բարիքը, արդարութիւնը եւ ներառումը։

Քահանայապետը վերահաստատեց Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութե անարդիականութիւնը, որ հիմնուած է Rerum Novarum-ի վրայ (1891), որ կը պաշտպանէ աշխատաւորին արժանապատուութիւնը, արդար աշխատավարձի իրաւունքը եւ յաջողութիւնը ոչ միայն տնտեսական չափանիշներով, այլ նաեւ՝ մարդկային զարգացում, ընկերային համախմբում եւ արարչագործութեան խնամք յառաջ բերելու կարողութեամբ։ Տնտեսութիւնը ընկերային հիւսուածքի մասնակի կողմ մըն է եւ պէտք է խթանէ ամբողջական մարդկային զարգացումը։

Նորին Սրբութիւնը ապա օրինակ կ՝առաջարկէ Աստուծոյ ծառայ Էնրիքէ Շաւը, ասրժանթինցի ձեռնարկատէր մը, որ իր ընկերութիւնը ապրեցաւ որպէս «մարդոց իսկական համայնք մը», նշելով որ Շաւը քաջալերեց արդար աշխատավարձեր, կազմաւորման ծրագիրներ եւ ընտանեկան օժանդակութիւն, ցոյց տալով, որ տնտեսական արդիւնաւէտութիւնը կրնայ զուգակցիլ Աւետարանին հաւատարմութեան հետ եւ որ սէրը կրնայ ներթափանցել արդիւնաբերական կառոյցները։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց ընկերութեան որոշումներուն մէջ սրբութիւնը ծաղկեցնելու հրատապ հրաւէրով, նորոգելով պարտաւորութիւնը դէպի արդիւնաբերութիւն մը, որ նորարար, մրցունակ եւ ամենէն կարեւորը մարդկային ըլլայ, կարող՝ աջակցելու բոլորին զարգացման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2025, 11:26