Որոնել

2025.11.07 Membri della Fondation International Religions et Societes

Սրբազան Պապը ընդունեց Ափրիկէի կաթողիկէ որակեալ կրթութեան խթանման ի սպաս գործող հիմնարկի անդամները

«Fondation Internationale Religions et Sociétés » հիմնարկի անդամներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց անոնց յանձնառումը` ի նպաստ ափրիկեցի երիտասարդներու կազմաւորումին ու անոնց ջանքերուն, երաշխաւորելու որակաւոր կրթութիւն մը, որ ներծծուած է ափրիկեան ինքնութեամբ։ Ան քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց առաքելութիւնը ու զայն ընելու, համագործակցաբար։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Շատ ուրախ եմ հանդիպել ձեզի՝ Կրօններու և ընկերութիւններու միջազգային հիմնադրամի պատուիրակութիւն անդամներուն, որոնք նուիրուած են Ափրիկէի կաթողիկէ որակեալ կրթութեան խթանման և Հարաւի ու Հիւսիսի միջև միսիոներական համագործակցութեան բարելաւման» այս պարզ խօսերով է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ 7 նոյեմբերին սկսաւ իր ողջոյնի խօսքը ուղղուած «Fondation Internationale Religions et Sociétés » հիմնարկի անդամներուն, զանոնք ընդունելով Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա անոնց` Կրթական Աշխարհի Յոբելեանի ուխտագնացութեան մասնակցութեան որ կը վկայէ, ըսաւ Ան, ձեր կամքը շարունակելու աշխատանքը, պատասխանելու համար ափրիկեան ցամաքամասի նոր մարտահրաւէրներուն, որուն առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ երկու շաբաթէն Նայրոպիի մէջ գումարելիք անոնց Համաժողովը, որուն նիւթը պիտի ըլլայ «Կաթողիկէ կրթութիւնը և յոյսի նշաններու խթանումը ափրիկեան համատեքստէն ներս»։

Լեւոն ԺԴ. ապա ընդգծեց անոնց յանձնառումը ի նպաստ ափրիկեցի երիտասարդներու կազմաւորումին ու անոնց ջանքերուն, երաշխաւորելու որակաւոր կրթութիւն մը, որ ներծծուած ափրիկեան ինքնութեամբ, եւ ասկէ մեկնելով քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց առաքելութիւնը ու զայն ընելու, համագործակցաբար եւ ոչ կղզիացած ձեւով, յիշելով եւ գնահատելով այս ուղղութեամբ ստեղծուած «Միսիոներաբանութեան և Հիւսիս-Հարաւ հովուական խնամքի միջազգային կենտրոն»ը, մաղթելով, որ ան կարողանայ իրագործել իր նպատակները։

«Առաքելութիւնը` որ քաջութեամբ եւ սիրով կ՛առաջարկէ Յիսուսին Աւետարանը» յարեց Սրբազան Պապը յղում կատարելով անցեալ 26 Յունիս 2025-ին Կղերի Վերատեսչութեան կազմակերպած միջազգային հանդիպումի մասնակիցներուն ուղղած իր ճառին ու ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքը աւարտեց Տիրոջմէ հայցելով շնորհքը ըլլալու անոր կամքի համաձայն միսիոնար աշակերտներ եւ հովիւներ։

Թող` որ Ան ոգեշնչէ ձեր ծրագիրները, և թող Սուրբ Հոգին աջակցի ձեզի Աւետարանին ծառայելու ձեր յանձնառութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան պապը եզրափակելով իր խօսքը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2025, 11:43