Լևոն ԺԴ. Կախուածութիւնը յոյսէն զուրկ աշխարհի նշան է, մեզի անհրաժեշտ է լսողութիւն, կրթութիւն և զօրակցութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հռոմի մէջ Նախարարներու խորհրդի նախագահութեան կողմէ այսօր` ուրբաթ 7 նոյեմբերին բացուած Կախուածութիւններու 7-րդ ազգային համաժողովին ուղղած լսատեսողական իր պատգամին մէջ Լևոն ԺԴ-ը կոչ ըրաւ հաստատութիւններուն լուծել կախուածութեան աճող երևոյթը՝ որպէս խոր անհանգստութեան և «սոցիալական և բարոյական քայքայման» ախտանիշ:
Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց ոչ միայն թմրանիւթերու և ալքոլի չարաշահումը, այլեւ համացանցի, խաղամոլութեան և պոռնկագրութեան հետ կապուած կախուածութեան նոր ձևերը, որոնք կը վերածուին իսկական մոլուցքի:
Այս վարքագիծերը, ըստ Քահանայապետին, կ՛ արտացոլան երիտասարդներու առանձնութիւնն ու անյուսութիւնը, որոնք յաճախ չեն կարող կողմնորոշուիլ յենակէտերէ զուրկ աշխարհի մը մէջ:
Լեւոն Քահանայապետը այս ուղղութեամբ կարեւորեց ընտանիքներու, դպրոցներու, ժողովրդապետութիւններու և երիտասարդական կենդրոններու հիմնարար դերը երիտասարդներուն բարոյական գիտակցութիւնը և դրական յարաբերութիւնները կառուցելու գործին մէջ, ապա կոչ ըրաւ պետութեան, եկեղեցւոյ և քաղաքացիական հասարակութեան, աշխատելու միասին, կանխարգիլման գործունէութեամբ, արժեւորելով կրթութիւնը, մարզանքը, աշխատանքը և հոգևորականութիւնը, որպէս գործիքներ նոր սերունդներու մէջ վերականգնելու վստահութիւնն ու ինքնագնահատումը։
Ի վերջոյ Ան պահանջեց` որ խթանուի «ունկնդրութեան եւ զօրակցութեան մշակոյթ մը« որ կարող ըլլայ ընկալելու երիտասարդներու դիւրաբեկութիւնը եւ պատասխանելու անոնց «կեանքի խոր ծառային»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
