Որոնել

2025.04.07 Congrégation Mission Lazaristes Jubilé

«Մէկ Քրիստոսի մէջ, միացած առաքելութեան մէջ». 2026-ի Միսիոներական Համաշխարհային Օրուայ թեման

Ուրբաթ` 31 հոկտեմբեր 2025-ին Աւետարանութեան վերատսեչութեան առաջին աւետարանութեան եւ յատուկ նոր եկեղեցիներու բաժինին հրապարակած հաղորդագրութեամբ յայտարարուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ ընտրուած յառաջիկայ 2026 տարուայ Միսիոներական Համաշխարհային Օրուայ թեման։ Միսիոներական համաշխարհային օր` որ գալ տարի կը նշէ հաստատումին հարիւր ամեակը եւ պիտի նշուի 18 հոկտեմբեր 2026-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Մէկ Քրիստոսի մէջ, միացած առաքելութեան մէջ» այս է Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին 2026 տարուայ Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան համար ընտրած թեման, որ հրատարակուեցաւ այսօր` Ուրբաթ 31 Հոկտեմբերին։

Համաշխարհային օրը` պիտի նշէ իր հաստատումին հարիւր ամեակը։  Ան հաստատուած է Պիոս ԺԱ. Քահանայապետի կողմէ Հաւատքի Տարածման Քահանայապետական Գործունէութեան առաջարկով։

Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան Նիւթը յայտարարուեցաւ ճիշտ այն օրը երբ, ըստ աւանդութեան, կ՛աւարտի Միսիոներութեան նուիրուած ամիսը, այսինքն 31 Հոկտեմբերին։ 2026 Միսիոներական համաշխարհային օրը պիտի նշուի 18 հոկտեմբեր 2026-ին, Հոկտեմբեր ամսուայ վերջընթեր կիրակի օրը։

Այս տարի Համաշխարհային միսիոներական օրուան աջակցելու իր կոչին մէջ Լեւոն ԺԴ. ընդգծած էր, թէ որքան պատշաճ առիթ է համայն Եկեղեցւոյ համար միանալ աղօթքի մէջ միսիոներներու և անոնց առաքելական աշխատանքի պտղաբերութեան համար:

Յիշելով Փերույի մէջ քահանայի, ապա միսիոներ եպիսկոպոսի իր անձնական փորձառութիւնը Սրբազան Պապը նշած էր. «Ես իմ սեփական աչքերովս տեսած եմ, թէ ինչպէս այդ օր դրսևորուած հաւատքը, աղօթքը և առատաձեռնութիւնը կարող են փոխել ամբողջ համայնքներ»:

2026 թուականի Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան բնաբանը, որ իր առաջին մասին մէջ կը յիշեցնէ Լեւոն ԺԴ. Պապին Քահանայապետութեան ընտրած «In Illo uno unum» կարգախօսը, յիշեցում է նաեւ հաւատքի մէջ հաւատացեալներու միութեան, որ հիմնուած է Քրիստոսի և Հօր միութեան վրայ և անոնցմէ բխած աւետարանութեան համատեղ առաքելութեան վրայ։

2026 տարուայ Միսիոներութեան Համաշխարհային օրուան նախապատրաստութեան յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ տարուան առաջին ամիսներուն հրատարակել Քահանայապետին պատգամը. որ պիտի դառնայ «առաջնորդող թելը» այն բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն, որոնք պիտի կազմակերպուին նշելու համար Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան հիմնադրութեան հարիւր ամեակը եւ որոնց առթիւ պիտի նշուի նաեւ Միսիոներական Քահանայապետական Միութեան 110 ամեակը, զոր Սուրբ Պօղոս Զ-ը սահմանած է «միւս Քահանայապետական​​ միսիոներական ընկերութիւններու հոգի» (Հաւատքի տարածման ընկերութիւն, Սուրբ մանկութեան ընկերութիւն և Սուրբ Պետրոս առաքեալի ընկերութիւն):

«Այս չորս ընկերութիւնները կամ գործունէութիւնները ունին իւրաքանչիւրը իր իւրայատկութիւնը եւ միասնաբար կը նուիրուին պատասխանատուութիւնը խթանելու մկրտեալներուն միջեւ ու թիկունք կանգնելու տեղական Եկեղեցիներուն» ինչպէս գրուած է Praedicate Evangelium Սուրբ Աթոռի նոր սահմանադրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2025, 13:22