Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Եկեղեցւոյ մէջ իւրաքանչիւր պաշտօն ծառայութեան ուղի է եւ ոչ թէ պատուանդան։

Մեռի Տէլ Վալ ընտանիքին ուղղած իր պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. յիշեց Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Ռաֆաէլ Մերի Տէլ Վալի ծննդեան 160-րդ ամեակը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 13 հոկտեմբերին, Մեռի Տէլ Վալ ընտանիքին ուղղած իր պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. յիշեց Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Ռաֆաէլ Մեռի Տէլ Վալի ծննդեան 160 ամեակը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց կարդինալին աշխարհաքաղաքացիական կրթութիւնը, որ ծնած է Լոնտոնի մէջ՝ դիւանագէտ հօր եւ անգլիացի մօր ընտանիքէն յարկին, որ զինք պատրաստեցին ծառայելու Սուրբ Աթոռին՝ մարտահրաւէրներով լի դարաշրջանին մէջ։

Լեւոն ԺԴ յիշեց կարդինալ Մեռիի կեանքին կարեւորագոյն փուլերը՝ սկսած Լեւոն ԺԳ-էն եւ Գանատային մէջ առաքելական պատուիրակութեան ղեկավարութենէն մինչեւ Քահանայապետական եկեղեցպան կաճարի նախագահութիւն՝ ուր բարձր օրինակով սորվեցուց, որ եկեղեցական դիւանագիտութիւնը կը ծաղկի քահանայական հաւատարմութեան մէջ։ Սուրբ Պիոս Ժ-ի կողմէ ստացած է կարդինալական անուանում եւ 38 տարեկանին նշանակուած է պետքարտուղար ցոյց տալով, որ իրական հասունութիւնը Քրիստոսի հետ նմանելու մէջ է։

Լեւոն ԺԴ Պապը նշեց, որ Կարդինալ Մեռին՝ ոչ միայն հմուտ դիւանագէտ էր այլեւ հոգեւոր հովիւ, որ մօտիկ էր «Թրասթէվէր»ի երիտասարդներուն, միացնելով Տիեզերական եկեղեցւոյ ծառայութիւնը փոքրերու նկատմամբ ուշադրութեան հետ։

Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց կարդինալի վերագրուած «Խոնարհութեան Լիթանիաներուն» վրայ՝ նկատել տալով, որ որ որոշ աղերսներ, օրինակ կը ծառայեն պատասխանատու պաշտօններ ունեցած իւրաքանչիւրին համար։ Քահանայապետը խորհրդածեց գովասանքի, հաւանութեան եւ նուաստացումի վախէն ազատուելու կարդինալ Մեռիի փափաքին մասին՝ Անոր մէջ տեսնելով լուռ հաւատարմութեան, Աստուծոյ կամքին ծառայելու եւ խոնարհութեան վրայ հիմնուած իսկական իշխանութեան օրինակ։ Պիոս Ժ.ի մահէն ետք ան շարունակեց ծառայել նոյն նուիրուածութեամբ՝ ցոյց տալով որ եկեղեցւոյ մէջ իւրաքանչիւր պաշտօն ծառայութեան ուղի է, այլ ոչ թէ պատուանդան։

Վերջապէս Նորին Սրբութիւնը կարդինալ Մեռիի կեանքը ամբոփեց երկու խորհրդանշական արտայայտութեամբ։ Առաջինը՝ Անոր եպիսկոպոսական կարգախօսն է , որ փորագրուած է Վատիկանի քարայրներու մէջ տեղադրուած գերեզմանին վրայ. «Da mihi animas, cetera tolle . Տուէք ինծ հոգիներ, վերցուցէք մնացածը»։ Երկրորը Լիթանիային վերջին խնդրանքը «Թող ուրիշները աւելի սուրբ ըլլան քան ես, որպէսզի ես այնքան սուրբ դառնամ, որքան կարող եմ,» Ան կ՝արտայատէ որ սրբութիւնը հաղորդութիւն է եւ ոչ թէ համեմատութեան ուղեւորութիւնը։

Եզրափակելով իր պատգամը Լեւոն ԺԴ Պապը յոյս յայտնեց, որ կարդինալ Մեռի Տէլ Վալի յիշատակը կարող է ոգեշնչումի աղբւիր ըլլալ իր ընտանիքին եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը համագործակցին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ՝ հրաւիրելով միացնելու ճշմարտութիւնն, ու բարեգործութիւնը, ծառայութիւնը եւ խոնարհութիւնը, որպէսզի միայն Քրիստոսը փայլի ամէն բանի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2025, 12:50