Արեւելեան Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ.-ը պիտի ժամանէ Վատիկան
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Արևելքի Ասորական Եկեղեցւոյ հայրապետ Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ.-ը, յառաջիկայ Երկուշաբթի օր` 27 Հոկտեմբեր 2025-ին այցելութիւն պիտի տայ Սրբազան Պապին։ Այս մէկը պիտի հանդիսանայ Կաթողիկոս - Պատրիարքին պաշտօնական առաջին այցը Լեւոն ԺԴ.ին։
Լուրը կը կարդանք Քրիստոնեաներու միութեան խթանման վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նաեւի նշուած է որ «Կաթողիկոս Պատրիարքին պիտի ընկերանան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և Արևելքի Ասորական Եկեղեցւոյ միջև աստուածաբանական երկխօսութիւն համատեղ յանձնաժողովի անդամները, որոնք ներկայիս Հռոմի մէջ կը շարունակեն երկխօսութեան նոր փուլը հայող եկեղեցու կեանքին մէջ ծիսակատարութեան վերաբերեալ:
Յայտնենք` որ մէկ տարի առաջ Մար Ավա Գ.ը այցելութիւն տուած եւ ընկալուած էր հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
