Որոնել

 Ֆիլիփինի մէջ ազգային համաժողովը Ֆիլիփինի մէջ ազգային համաժողովը 

Լեւոն ԺԴ. Եկեղեցին մեր հոգեւոր տունն է ուր Աստուած կը փառաբանենք եւ ուրիշներուն հոգ կը տանինք։

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Ֆիլիփինի մէջ Պաշտպանութեան վերաբերեալ ազգային համաժողովի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆիլիփինի Անժելէս քաղաքին մէջ 20էն 23 հոկտեմբերին, գումարուեցաւ «Պաշտպանութեան» վերաբերեալ ազգային համաժողով, կազմակերպուած Ֆիլիփինի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անչափահասներուն եւ խոցելի անձերուն պաշտպանութեան համար գրասենեակի կողմէ, ունենալով որպէս խորագիր «Պաշտպանութեան մեր առաքելութիւնը. Կարեկցանքի եւ յոյսի ուղեւորութիւն»։

Համաժողովի ընթացքին, Սան Ֆերնատօ թեմի արք, Գերպ Ֆլորենթինօ Լաւարիս կարդաց Լեւոն ԺԴ. Պապին համաժողովին մասնակիցներուն ուղղած պատգամը։ «Ես ուրախ եմ տեղեկացուած ըլլալու Քլարք Անճելէսի մէջ կայանալիք Ազգային համաժողովին մասին եւ ջերմօրէն կը ողջունեմ ներկաները։

Եկեղեցին մեր հոգեւոր տունն է, ուստի իւրաքանչիւր ծխական եւ հովուական գործունէութիւն նախատեսուած է, որպէս տարածք մը, ուր Աստուած կը փառաբանենք եւ հոգ կը տանինք ուրիշներուն, յատկապէս երեխաներուն եւ խոցելի անձերուն։ Այս առումով կոչ կ՝ընեմ որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ որեւէ տեսակի բռնութեան նկատմամբ հանդուրժողականութիւն չ՝ցուցաբերուի։ Հետեւաբար, յոյս ունիմ, որ ձեր քննարկումները հանգեցնեն կարեւոր քաղաքականութեան եւ գործելակերպերու իրականացման, որոնք կ՝ապահովուեն թափանցիկութիւնը դէպքերուն քննարկումներուն մէջ, կը խթանեն կանխարգիլման մշակոյթը եւ կը պաշտպանեն Տիրոջ «այս փոքրիկները»։ (Մատթէոս 18:6):Այսպէս կատարելով Ֆիլիփինի եւ այլ վայրերուն մէջ եկեղեցիները Քրիստոսի՝ բարի հովիւի վկաները կը դառնան, որ միշտ կը սիրեն ու հոգ կը տանին իրենց հօտին» գրեց Սրբազան Հայրը ու պատգամը աւարտեց յանձնելով համաժողովին մասնակիցները Տիրամօր՝ Աստուածամօր հովանիին ու շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Նշենք, թէ Ֆիլիփինի Ատ Անճելէս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներուն եւ խոցելի անձերուն պաշտպանութեան մասին համաժողով ունենալով որպէս խորագիր Մեր պաշտպանութեան առաքելութիւնը, կարեկցանքի եւ յոյսի ուղեւորութիւն մը», կազմակերպուած Ֆիլիփինի եպիսկոպասաց համահաւաք դաս կողմէ համագործակցութեամբ անչափահսներուն պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնաժողովին ինչպէս նաեւ կաթողիկէ այլ հաստատութիւններուն։ Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 300 պատուիրակներ, որոնք շարքին եպիսկոպոսներ, միջազգային տարբեր երկիրներէն ժամանած կղերականներ, մեծամասնութիւնը Ֆիլիփինի թեմերէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2025, 10:53