Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Հունգարիոյ վարչապետ, Վիքթոր Օրպանը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 27 հոկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապ ընդունեց Հունքարիոյ վարչապետ, Տիար Վիքթոր Օրպանը, վարչապետը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն հետ քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին ընդգծուեցան երկու կողմերու միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ գնահատուեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը Հունգարական համայնքի ընկերային զարգացման եւ բարեկեցութեան խթանման գործին, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ընտանիքի դերին, երիտասարդներուն կրթութեան եւ ապագային, ինչպէս նեաւ անենախոցելի քրիստոնէական համայնքներուն պաշտպանութեան կարեւորութեան։ Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրոպական հարցերուն՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիոյ հակամարտութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
