Լեւոն ԺԴ. Պապին հեռագիրը Լիւքսամպուրկի մեծ դուքսին գահ բարձրանալու արարողութեան կապակց
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լուքսամպուրկի Մեծ Դքսութեան գահ բարձրանալու տօնակատարութիւններուն առիթով, Լեւոն ԺԴ Պապ յղելց շնորհաւորական հեռագիր մը իր ուրախութիւնը ու անկեղծ շնորհաւորութիւնները յայտնեց վստահեցնելով որ «կը միանայ պատմութեան մէջ արմատացած հին եւ գեղեցիկ աւանդութիւններով հարուստ ողջ երկրի ուրախութեան ու մաղթանք յայտնելով որ Նորին Մեծութիւնը իր հերթին, նպաստէ Լուքսամպուրկի ինքնութեան՝ հիմնուած Քրիստոնէական արժէքներուն նկատմամբ յարգանքի վրայ, որ կը խթանէ համընդհանուր բարօրութեան հետապնդման։
Հեռագիրին մէջ Քահանայապետը ապա փոխանցեց իր սրտանց յարգանքը՝ ուղեկցուած Իր անկեղծ մաղթանքներով՝ երկրի խաղաղութեան համար։
Հայցելով ապա Աստուածամօր երկնային պաշտպանութիւնը, Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցեց Թագաւորական նորին Մեծութեան ինչպէս նաեւ Լիւքսամպուրկի բնակիչներուն։
Յայտենք թէ Լիւքսամպուրկի մեծ դուքս Հենրին հրաժարելով իր գահէն եւ Անոր տեղ գահ բարձրացաւ մեծ դուքս Կուիլլոմը։ Եւրոպական թագաւորական ընտանիքը իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծ դուքսի պալատին մէջ կայացած արարողութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
