Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը
Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանը։ Վարչապետը ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներուն ընթացքին գոհունակութիւնն արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող երկրի՝ Հայաստանի միջեւ լաւ յարաբերութիւններու համար ու ի յայտ դրուեցաւ Երկրի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ որոշ երեւոյթները։ Միաժամանակ ուշադրութիւն դրուեցաւ փոխադարձ հետաքրքրութիւնը ներկայացնող այլ հարցերուն, մասնաւորապէս Հարաւային կովկասի մէջ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
