Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Լիբանանի Վարչապետը Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Լիբանանի Վարչապետը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Lիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամը

Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ընթացքին գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար եւ ընդգծուեցաւ Լեւոն ԺԴ Պապին Լիբանան առաքելական ճամբորդութեան ընդհանուր սպասումը, 2025 թուականի նոյեմբեր 30էն դեկտեմբեր 2-ը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւնը մը տեղեկացուց, որ այսօր Շաբաթ, 25 հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Լիբանանի հանրապետութեան վարչապետ Տիար Նաուաֆ Սալամը ու փոխ վարչապետ Տիար ԹարԷք Միթրին, որոնք ապա հանդիպում ունեցան Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Գերպ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի` որ Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ընթացքին գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն համար ու ընգծուեցաւ Լեւոն ԺԴ Պապին Լիբանան առաքելական ճամբորդութեան ընդհանուր սպասումը, 2025 թուականին նոյեմբեր 30էն դեկտեմբեր 2-ը։

Հանդիպումի ընթացքին գնահատուեցան նաեւ Լիբանանի ժողովուրդի յոյսերը՝ երկրի բարեփոխումներուն եւ կայունացման գործընթացի նկատմամբ, քննարկուեցաւ տարածաշրջանին հայող նիւթեր, այն մաղթանքով որ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ շուտով հաստատուի լիակատար խաղաղութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2025, 12:15