Որոնել

Il Papa a Piazza San Pietro per il Giubileo della Croazia

Լեւոն ԺԴ. Հաւատքը կ՝աճի ու կը զօրանայ երբ կը կիսուի

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Յոբելինական Սուրբ տարուան առիթով հռոմ ժամանած աւելի քան 10000 Խրուաթիայի հաւատացեալներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 7 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 5ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Լեւոն ԺԴ. Պապ հանդիպեցաւ ու իր սիրտի խօսք ուղղեց Խրուաթիայէն ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած աւելի քան 10000 ուխտաւորներուն։

Արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր մեծ ուրախութիւն յայտնեց Յոբելինական Սուրբ Տարուան առթիւ ազգային ուխտագնացութեամբ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած ուխտաւորներուն համար։

«Մեծ թիւով ձեր ներկայութիւնը, ձեր ժողովուրդի հաւատքի կենսունակութեան պերճախօս նշանն է, որ դարերուն ընթացքին մնացած է անսասան եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ եւ Հաւատարիմ Պետրոս առաքեալին յաջորդին», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, աւելցնելով «ձեր հայրերէն ստացած աւանդութիւնը թանկարժէք գանձ է, որ դուք ուշադրութեամբ պահպանած էք ու կոչուած էք անընդհատ թարմացնելու՝ միշտ բաց մնալով ճանչնալու այն ինչ որ սուրբ Հոգին կը ներշնչէ։

Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկաներուն, իրենց առօրեայ կեանքին մէջ ապրած հաւատարմութեան համար, ու յիշեց բոլոր այն Խրուաթիայինները որոնք ուսումի կամ գործի բերումով կ՝ապրին արտասահմանի մէջ, խրախուսելով զանոնք կառչած մնալու իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու պարգեւեն ժողովուրդին մը վկայութիւնը զոր Քրիստոսն ու եկեղեցին կը սիրեն։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց հաւատացեալները միշտ իրենց հայեացք սեւերու Քրիստոսին, Բարի հովիւին «Մի մոռնաք որ հաւատքը կ՝աճի եւ կը զօրանայ երբ կիսուած է, հետեւաբար ձեզ կը հրաւիրեմ ուրախութեամբ փոխանցելու քրիստոնէական արժէքները ձեր գաւակներուն եւ նոր սերունդներուն այն արժէքները որոնք ձեւաւորեցին ձեր պատմութիւնն ու մշակոյթը։ Այս ձեւով պիտի շարունակէք խաղաղութեան, բարիի եւ յոյսի թթխմոր ըլլալ պատերազմներով եւ բռնութիւններով յատկանշուած աշխարհի մէջ։

Թող Տէրը ձեզ օրհնէ եւ խրուաթիոյ «Advocata fidelissima» Տիրամայրը ձեզ պաշտպանէ իր վերարկուին տակ ու ձեզ առաջնորդէ առօրեայ ուղեւորութեան մէջ, ըսաւ Սրբազան հայրը ու պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2025, 18:11