Լեւոն ԺԴ. Երկրին ճիչը թող անցողիկ նորաձևութիւն չըլլայ, շարժինք դէպի բնապահպանական դարձի

Հաւատացեալներուն համար բնապահպանութեան դարձը անբաժանելի է հաւատքէն, քանի որ չէ կարելի սիրել Աստուած՝ միաժամանակ արհամարհելով Աստուծոյ արարածները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 1 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին, Քասթել Կանտոլֆոյի «Մարիափոլի» անուան կեդրոնին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղեց «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի 10-րդ տարեդարձի առթիւ կազմակերպուած «Raising Hope» խորագիրով համաժողովի մասնակիցներուն։

Արտասանած պատգամին մէջ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց համաժողովի կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ «Laudato Si» շարժումի անդամներուն՝ ընդգծելով Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին անսասան ժառանգութիւնն ու համաշխարհային ազդեցութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականը խթանեց մտորումներ եւ նախագիծեր ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ազդելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ, համամիութենականութեան, միջ կրօնական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ակադեմիական բանավէճերու վրայ ու նկատել տուաւ որ շրջաբերականի գնահատականը հասած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ոլորտէն շատ աւելի հեռու՝ շնորհիւ, Համապարփակ բնապահպանութեան առաջարկին եւ կայուն զարգացման համար երկխօսութեան ու միասնութեան կոչին, ու շրջաբերականէն բխած ընկերային, քաղաքական եւ հոգեւոր մարտահրաւէրները այսօր աւելի այժմէական են ու կը պահանջեն դարձի գալ։

Յիշեցնելով ապա «Laudate Deum» առաքելական յորդորը պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը զգուշացուց կլիմայի փոփոխութեան նշանները կամ մեր ընդհանուր տան հանդէպ հոգատարութիւնը, որպէս անցողիկ նորաձեւութիւն նկատելէ։

Այս փուլը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է վերադառնալ սիրտին, հասկցուած որպէս ազատութեան եւ խորաթափանց դարձի կեդրոն։ Բնապահպանողական դարձը, պէտք է վերածուի իրական փոփոխութեան՝ անցնելով տուեալները հաւաքելէ դէպի հոգատարութիւն եւ բնապահպանական պատգամներէն բնապահպանական դարձի, որ կը փոխակերպէ անհատներու ու համայնքներուն ապրելակերպը։ Հաւատացեալներուն համար այս դարձը անբաժանելի է հաւատքէն, քանի որ չէ կարելի սիրել Աստուած՝ միաժամանակ արհամարհելով Անոր արարածները։

Նորին Սրբութիւնը համաժողովի մասնակիցները հրաւիրեց աճելու Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիցիի չորս ներդաշնակութիւններով՝ Աստուծոյ հետ, ուրիշներուն հետ, բնութեան հետ ու անձին հետ, որոնք կը ներկայացնեն համապարփակ բնապահպանութեան ծաւալները։ Այս ուղղութիւններով նուիրուածութիւնը կ՝աճեցնէ յոյսը եւ կը խթանէ համագործակցութիւնը։

Քահանայապետը կոչ ուղղեց միութեան եւ խաղաղութեան շեշտելով, որ ամենարդիւնաւէտ լուծումները կախեալ են ազգային եւ միջազգային քաղաքականութեան կարեւոր որոշումներէն։ Հետեւաբար քաղաքացիական հասարակութիւնները, միջազգային կազմակերպութիւնները պատասխանատուութիւն ունին վերահսկելու քաղաքական իշխանութեան վրայ, շրջակայ միջավայրի վնասին հակազդելու համար։

Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց յոյս յայտնելով որ յառաջիկայ միջազգային գագաթնաժողովները COP30-ը և ՄԱԿ-ի 2026 թուականի ջրային գագաթնաժողովը լսեն Երկրի եւ աղքատներուն ճիչը։ Խրախուսեց ներդրում ունենալ մշակութային, հոգեւոր, կրթական մարտահրաւէրներուն գործին մէջ եւ յամառօրէն պայքարիլ ընդհանուր բարիքի համար՝ մերժելով անտարբերութիւններն ու յանձնուիլը։

Ելոյթը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները որ իրենց խիղճերուն հարց տան,  թէ ի՞ նչ պիտի պատասխանեն Աստուծոյ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս մշակեցին եւ պաշտպանեցին աշխարհը ու մեր եղբայրներու ու քոյրերուն ապագան՝ սերունդներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2025, 13:08