Որոնել

Il Papa, chi studia ha uno sguardo che va lontano

Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը, Քահանայապետական համալսարաններուն ուսանողներու պատարագին ընթացքին

Ամենամեծ պարգեւը կը կայանայ բացայայտելու մէջ, որ մենք մինակ չեն, այլ Աստուծոյ Որդիներ ենք, ըսաւ Քահանայապետը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 27 հոկտեմբերին, Քահանայապետական համալսարաններուն ուսանողներուն, Յոբելինական Տարուան առթիւ մատուցած Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի մէջ Քահանայապետը անդրադարձաւ ուխտագնացութեան նիւթին, որպէս կեանքի եւ եկեղեցւոյ փոխաբերութիւն, որոնք երկուքն ալ կարիքը ունին Դարձի եւ Զատկուայ անցման։ «Սուրբ Դուռէն անցումը մեզի կը յիշեցնէ, որ կեանքը կենդանի է լոկ այն ժամանակ երբ ուղեւորութեան մէջ է, լոկ երբ ունակ է անցումներ կատարելու այսինքն Զատիկը տօնելու։

Անդրադառնալով ակադեմիական աշխարհին՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը նոյնացուց ուսանողի եւ հետազօտողի առանձնայատուկ շնորհքը, ընդհանուր պատկերի մշակման գործին մէջ, որ կարող է ըմբռնել հորիզոնը եւ անցնիլ սեփական օրինաչափութիւնէն այն կողմ։ 

Օգտագործելով Ղուկաս Աւետարանին մէջ նշուած կարկամած կնոջ պատկերը, (Ղուկ13, 10-17), Քահանայապետը համեմատեց անգիտութեան եւ մտաւոր փակուած ըլլալու վիճակը, ինքն իր վրայ փակուած կնոջ վիճակի հետ, որ անկարող էր տեսնել իրմէ անդին։ Յիսուսի կողմէ կատարուած բուժումը, որ անոր վերադարձուց ուղղահայեաց դիրք, կը խորհրդանշէ այն շնորհքը, որ կը բուժէ եսակեդրոն մեկուսացումը։ Այս բուժումը տեղի կ՝ունենայ ուրիշներէն՝ ուսուցիչներէն, հանդիպումներէն, եւ ամենակարեւորը Քրիստոսի հետ հանդիպումէն ստացած ճշմարտութեան միջոցաւ, որ մեզի կը բանայ աւելի մեծ հորիզոններուն։ Այս առումով Քահանայապետը կոչ ըրաւ ուսանողներուն եւ ուսուցիչներուն չ՝առանձնացնելու մտաւոր հետազօտութիւնը հոգեւոր կեանքէն հետեւելով մեծ սուրբերուն, ինչպէս Սուրբ Օգոստինոսին, Սուրբ Թովմասին ու էտիթ Սթէյնի, որպէսզի ուսումնասիրութիւնը չդառնայ վերացական վարժութիւն, այլ վերափոխէ կեանքերը եւ մեզ դարձնէ Աւետարանի վկաներ։

Նորին Սրբութիւնը կրթութիւնը սահմանեց որպէս «սիրոյ արարք», նման վերյիշուած աւետարանի հրաշքին. բարձրացնել ուրիշները, օգնել անոնց զարգացնելու անկախ քննադատական մտածողութիւն, Սա Քահանայապետական համալսարաններուն կարեւորագոյն պարտականութիւնն է ՝ ճշմարտութեան եւ իմաստի ծարաւը յագեցնելու համար, ըսաւ Ան1

Քարոզին մէջ Քահանայապետը յիշեցուց, որ ամենամեծ պարգեւը կը կայանայ բացայայտելու մէջ, որ մենք մինակ չեն, այլ Աստուծոյ Որդիներ ենք։ Քարոզը եզրափակեց մաղթելով, որ համալսարանները պատրաստեն կիներ ու մարդիկ, «միշտ ոտքի վրայ» երբեք չծրած չ իրենց վրայ, ունակ յոյսի պատճառներ հռչակելու ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի յոյսի Աթոռի պաշտպանութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2025, 18:34