Լեւոն ԺԴ. յիշեց կարդինալ Մենիքելլին. «Եռանդուն հովիւ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Եռանդուն Հովիւ» եւ «առատաձեռն քահանայ»։ Այսպէս Լեւոն ԺԴ. Պապը նկարագրեց Կարդինալ Էտուարտօ Մէնքիքելլին՝ Անքոնա-Օսիմօ թեմի երբեմնի եպիսկոպոսը, որ մահացաւ 20 հոկտեմբերին, 86 տարեկանին։
Մարքիճիանա թեմի արք Անճէքօ Սփինային ուղղած հեռագիրին մէջ Քահանայապետը իր ցաւակցութիւն յայտնեց կարդինալին մահուան կապակցութեամբ, որ 2015 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ կարդինալ նշանակուած է, ու իր մօտիկութիւնը յայտնեց եկեղեցական համայնքներուն, ուր Կարդինալ Մենքիլելլի ծառայեց, ոչ միայն Անքոնա-Օսիմօ քաղաքներու մէջ այլեւ Քիէթի եւ Վասթօ քաղաքներուն մէջ ինչպէս նաեւ Քամերինօ Սան Սեվերինօ արքեպիսկոպոսարանէն ներս ուր «Ան որպէս առատաձեռն քահանայ ծառայեց»։
«Յիշելով այս սիրելի եղբայրը, որ նուիրուածութեամբ ծառայեց եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Աթոռին» գրեց Սրբազան Հայրը «Ես կ՝աղօթեմ Աստուծոյ, որպէսզի Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ ընդունի երկնային երուսաղեմի մէջ»։ Քահանայապետը հեռագիրը աւարտեց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը կարդինալին ընտանիքին ու բոլոր սգացողներուն։
Կարդինալ Մենքիլելլի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ այսօր Սան Սեվերինօ Մարքէի Լումի Տիրամօր սրբավայրին մէջ, ուր 1939ին ծնած կարդինալը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
