Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Չիլէի հանրապետութեան նախագահը Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Չիլէի հանրապետութեան նախագահը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Չիլէի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորագրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին Չիլէի հանրապետութեան նախագահին հետ ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 13 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Չիլէի հանրապետութեան նախագահ, Կապրիէլ Պորիք Ֆոնդ ։ Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ընթացքին երկու կողմները գոհունակութեամբ արտայայտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Չիլէի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններու մասին։ Այնուհետեւ քննարկուեցաւ Եկեղեցւոյ կողմէ երկրի տարբեր ոլորտներէն ներս ցուցաբերուած արժէքաւոր ներդրումը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Չիլէի ընկերային- քաղաքական իրավիճակի տարբեր երեւոյթներու մասին ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով աղքատութեան, գաղթականութեան, բարոյական հարցերու դէմ պայքարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2025, 13:09