Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Ճգանաւորը ինքզինք կը դնէ աշխարհի դիւրաբեկութեան եւ Աստուծոյ ողորմածութեան մէջտեղ

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը. Կրօնական կեանքի անդամներուն յոբելեանի իրենց մասնակցութիւնը բերած խումբ մը ճգնաւորներ ու անոնց ուղղած պատգամին մէջ անդրադարձաւ Աւետարանի լոյսին տակ կոչումին մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 11 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Կրօնական կեանքի անդամներուն յոբելեանի իրենց մասնակցութիւնը բերած խումբ մը ճգնաւորներ ու անոնց ուղղած պատգամին մէջ անդրադարձաւ Աւետարանի լոյսին տակ կոչումին մասին։

«Այս հանդիպումը հնարաւորութիւն կու տայ մտածելու եկեղեցւոյ եւ ժամանակից աշխարհի մէջ ճգնաւորներուն կոչումի մասին», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա մէջբերելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի Սամարացի կնոջ ըսած խօսքը «Բայց պիտի գայ ժամանակը, եւ արդէն իսկ եկած է, որ ճշմարիտ երկրպագուները երկրպագութիւնը պիտի ընեն Հօր՝ Հոգիով եւ ճշմարտութեամբ, որովհետեւ Հայրը այսպիսի երկրպագուներ կ՝ուզէ»։(Յովհ 4,23).

«Այո՛, Հայրը բոլոր դարաշրջաններուն կը փնտռէ եւ կոչ կ՝ընէ մարդկանց ու կանանց երկրպագելու Իրեն, Իր Հոգիին ներքոյ եւ Իր Միածին Որդոյն կողմէ յայտնուած ճշմարտութեամբ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ այս կոչումը կ՝ենթադրէ «ինքնադատարկումի» ներքին ուղեւորութիւն մը՝ մտնելու համար «սիրտի գաղտնիքի մէջ եւ մտերմաբար երկխօսելու Աստուծոյ հետ։ Այս խորհրդածական կեանքը աշխարհէն փախուստ չէ, այլ «սիրտի վերածնունդ», որ կը դառնայ բարեգործութեան աղբիւր։ Արհեստավարժութեան եւ լրատուամիջոցներուն արտաքին ազդեցութեան կողմէ գերիշխուած դարաշրջանին մէջ, այս ներքեւութեան եւ լռութեան վկայութիւնը, աւելի անհրաժեշտ է քան երբեւէ

Ճգնաւորի մենակեցութիւնը չի յանգեցներ մեկուսացման, այլ ողջ մարդկութեան հետ աւելի խոր զօրակցութեան եւ հաղորդութեան՝ ծառայելով որպէս աստուածային կեանքի թթխմոր ։ Մասնաւորապէս թեմական ճգնաւորը բաց յարաբերութիւն ունի տեղական եկեղեցւոյ եւ պատմութեան հետ՝ դառնալով թանկարժէք «հոգեւոր շունչ» համայնքներու համար, թէ՛ գիւղական, թէ՛ քաղաքային շրջանակներուն մէջ

Ճգնաւորները կոչուած են նաեւ ստեղծագործաբար մեկնաբանելու նոր հոգեւոր մարտահրաւէրները՝ օգնելով «իմաստ փնտռողներուն» վերագտնելու իրենց ներքեւութիւնը եւ բացայայտել Աստուծոյ Իղձը, որ կը բնակի իւրաքանչիւր մարդու մէջ։ Վերջապէս այս դժուար ժամանակներուն մէջ, ճգնաւորներուն առաքելութիւն այն է ըլլալ մարդկութեան միջնորդները՝ իրենց զիրենք դնելով աշխարհի փխրունութեան եւ Աստուծոյ ողորմածութեան մէջտեղ, ամբողջ եկեղեցւոյ հետ նաւարկելով պատմութեան ծովուն մէջ՝ դէպի Աստուծոյ արքայութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2025, 09:57