Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Հոկտեմբեր 7-էն ետք ցաւալի երկու տարիներ։ Նուազեցնել ատելութիւնը եւ վերականգնել երկխօսութիւնը։

Գասթել Կանտոֆոյ Հռոմի վերադառնալէ առաջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն եւ յիշեց երկու տարի առաջ Իսրայէլի դէմ տեղի ունեցած յարձակումը եւ Կազային մէջ զոհերը։ «Պէտք է խաղաղ լուծումներ փնտռել»։ Քահանայապետը յիշեց Կարդինալ Փարոլինի Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցը։ « Շատ լաւ արտայայտեց Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումները»։ Թուրքիա եւ Լիբանան կատարելիք իր այցելութեան վերաբերեալ, բացատրեց որ դա Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքն է ու խաղաղութիւնը պատգամը պիտի բերէ Մերձաւոր Արեւել

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հոկտեմբեր 7ին, ՀԱՄԱՍ-ի ահաբեկչական յարձակումի երկրորդ տարելիցի առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը Գասթել Կանտոլֆոյէն հռոմ վերադառնալէն առաջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին վերջին երկու տարիները անուանեց «շատ ցաւալի» ու յիշեց յարձակումէն 1200 իսրայէլացի զոհերը եւ այդ ժամանակէն ի վեր սպաննուած 67,000 պաղեստինցիները՝ կոչ ընելով նուազեցնելու ատելութիւնը եւ վերադառնալ երկխօսութեան՝ խաղաղ լուծում փնտռելու համար։

Քահանայապետը խստօրէն դատապարտեց, թէ՛ ահաբեկչութիւնը, թէ՛ հակասեմականութեան վերջին դրսեւորումները՝ վերահաստատելով խաղաղութիւն հռչակելու եւ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադառնալով ապա Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, ահաբեկչական յարձակումի երկրորդ տարելիցի վերաբերեալ լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի, Նորին Սրբութիւնը նշեց որ ծիրանաւորին խօսքերը ճշտօրէն կ՝արտայայտեն Սուրբ Աթոռի տեսակէտը։

Նոյեմբեր 27էն դեկտեմբեր 2, Թուրքիա եւ Լիբանան այցելելու իր առաջին առաքելական ուղեւորութեան պաշտօնական յայտարարութեան օրը, Լեւոն ԺԴ պատասխանելով լրագրողներուն լարուած աշխարհաքաղաքական տարածաշրջան կատարելիք այդ ուղեւորութեան պատճառներուն մասին, բացատրեց «Թուրքիա ճամբորդութիւնը պայմանաւորուած է Նիկիոյ Ժողովի 1700 Ամեակով։ Սա իսկապէս կարեւոր պահ է ։ Սա այն ուղեւորութիւնն է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը փափաքեցաւ կատարել։ Բոլոր Քրիստոնեաներուն համար սա պիտի ըլլայ հաւատքին մէջ իսկական միութեան պահ։ Այս պատմական պահը պէտք չէ կորսնցնել։ Բայց ոչ թէ ետ նայելու համար այլ առջեւ նայելու։

Լիբանան կատարելիք իր այցելութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապը մտադիր է մխիթարութիւն բերել այն ժողովուրդին, որուն տառապանքները սրուած են 2020 թուականին, օգոստոս 4ին, Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցած պայթումէն յետոյ։ «Լիբանանին մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը «հնարաւորութիւն պիտի ունենամ կրկին հռչակելու խաղաղութեան պատգամը, այն երկրին մէջ որ այդքան շատ տառապեցաւ։ Ֆրանչիսկոս Պապը նաեւ կ՝ուզէր հոն երթալ։ Ան կը փափաքէր ողջագուրել Լիբանանցի ժողովուրդը պայթումէն յետոյ՝ անոնց կրած բոլոր տառապանքներէն յետոյ։ Մենք կը փորձենք խաղաղութեան եւ յոյսի այդ պատգամը հասցնել», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2025, 11:25