Լեւոն ԺԴ. Դարձէ՛ք այն խաղաղութեան կրողները, որ այսօր մարդկութեան անհրաժեշտ է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 10 հոկտեմբերին, կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը հանդիպեցաւ ու իր սիրտի խօսքը ուղղեց Նուիրեալ կեանքի անդամներու նուիրուած յոբելեանի մասնակիցները։
Արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ներկաները ու յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին այն խօսքը, որ Եկեղեցին կարիքը ունի նուիրեալ կեանքի անդամներուն ու ինչպէս նաեւ նուիրեալ կեանքի ձեւերուն հարստութեան ու բազմազանութեան։
«ձեր կենսունակութեամբ եւ այնպէսի կեանքի վկայութեամբ, ուր Քրիստոսը կեդրոնն է ու Տէրն է, դուք կարող էք նպաստել «աշխարհը արթնացնելու» (Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական նամակը բոլոր նուիրեալներուն՝ Նուիրեալ կեանքի տարուայ կապակցութեամբ, 21 նոյեմբեր 2014), ըսաւ Սրբազան Հայրը Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց հետեւեալ կէտերուն վրայ։
Արմատաւորուած Քրիստոսի մէջ
Քահանայապետը հրաւիրեց խորապէս միանալուՔրիստոսի մէջ, որ միակ բեղուն աղբիւրն է առաքելութեան եւ կոչումի ու ընդգծեց սիրտին վերադառնալու կարեւորութիւնը՝ սեփական շնորհապարգեւին սկզբնական կայծը վերագտնելու համար։
Յոյսի եւ խաղաղութեան ուխտաւորներ
Նորին Սրբութիւնը նշեց որ կարիքի մէջ գտնուող աշխարհի մէջ նուիրեալ կեանքի անդամները կոչուած են ըլլալու յոյսի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան վկաներ եւ կրողներ՝ գործելով որպէս կամուրջներ կառուցողներ եւ հանդիպումի մշակոյթին խթանողներ՝ Ճանչնալով Քրիստոսի դէմքը իւրաքանչիւր մարդու մէջ։
Ընկերային արդարադատութեան յանձնառութիւնը
Լեւոն ԺԴ Պապը բարձր գովաբանեց նուիրեալ կեանքի անդամներուն շօշափելի յանձնառութիւնը այնպիսի հարցերուն նկատմամբ ինչպէս համընդհանուր եղբայրութիւնը, աղքատներուն նկատմամբ ուշադրութիւնը եւ արարչագործութեան նկատմամբ հոգատարութիւնը խրախուսելով շարունակելու ծառայութեան այս աւանդոյթը։
Սինոդականութեան կոչ
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց դառնալու սինոդականութեան մասնագէտներ նկատել տալով որ նուիրեալ կեանքի անդամներուն հաստատութիւններուն միջազգային եւ միջ մշակութային բնոյթը զիրենք կը դնէ այն դիրքին մէջ՝ լսելու, մասնակցելու եւ համատեղ հետազօտութիւնները կատարելու ,դառնալով սինդոականութեան մարգարէներ ողջ Աստուծոյ ժողովուրդին համար։
Յոյսով նայիլ ապագային
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները վաղուայ օրուան նայելու քաջութեամբ եւ վստահութեամբ, առանց վախի, յոյսի վրայ հիմնուելով ոչ թէ թիւերու վրայ, այլ Աստուծոյ վրայ, որուն համար ոչինչ անկարելի է։ Քահանայապետը խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրեալ կեանքի անդամներուն հաւատարմութեան ու կատարած բարիքի համար, վստահեցնելով իր աղօթքն ու օրհնութեան խոստումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
