Լեւոն ԺԴ. Բոլորս ունինք մեծ առաքելութիւն եւ կարեւոր դեր եկեղեցւոյ մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 18 հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Յոյսի նուիրուած Յոբելինական Սուրբ Տարուան առթիւ Հռոմ ժամանած գնչուներու, Սինդիներու եւ Քամինաթներուն ուխտաւորները, ողջունելով զանոնք որպէս «յոյսի ուխտաւորներ եւ ճանչնալով ու գնահատելով զիրենք որպէս «շրջող յոյսի» նշան։
Յիշելով Սուրբ Պօղոս Զ.ի Պատմական հանդիպումը իրենց համայնքներուն հետ 60 տարի առաջ, (1965թ.), Սրբազան Հայրը վերահաստատեց Եկեղեցւոյ սէրն ու հովուական հոգատարութիւնը անոնց նկատմամբ՝ անուանելով զանոնք «Աստուծոյ ուխտաւոր ժողովուրդի սիրելի մասը ու ընդգծեց, թէ ինչպէս անոնք կը կարենան Աստուծոյ վստահութեան վկաները ըլլալ եւ ոչ թէ երկրային բարիքներուն ու յիշեց (Dilexi te) հռչակագիրէն հատուած մը. եկեղեցւոյ համերաշխութեան բնոյթը աղքատներուն եւ մերժուածներուն հետ։
Յիշելով իր նախորդներուն՝ Պենետիկտոս ԺԶ-ի եւ Ֆրանչիսկոս Պապին ուսուցումները, Քահանայապետը կոչ ըրաւ չյուսահատելու, ազատուելու սեփականատիրութեան փորձութենէն, մնալ շրջող հոգիով եւ հաւատալ իրենց մշակոյթին փրկարար գեղեցկութեան։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց յաղթահարելու դժգոհութիւնը եւ առաջ շարժիլ ընտանիքի, աշխատանքի եւ աղօթքի արժանապատուութեամբ։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը վերահաստատեց որ ներկաները ունին իրական առաքելութիւն եւ առաջատար դեր եկեղեցւոյ մէջ եւ տեղի ունեցող դարաշրջանային փոփոխութիւններուն մէջ հրաւիրելով զանոնք կիսելու իրենց մշակոյթը, հաւատքը եւ ազնիւ աշխատանքի պտուղները՝ յաղթահարելով փոխադարձ անվստահութիւնը։
Ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութեան եւ գաղթականներուն հիմնադրամին՝ միջոցառումը կազմակերպելու համար ու խրախուսեց հոգեւորականները շարունակել կրթութեան, ընտանեկան խնամքի, երկխօսութեան իրենց նուիրուածութիւնը, յոյս յայտնելով որ իւրաքանչիւր թեմ կը զարգացնէ համարժէք հոգեւոր հոգտարութիւնը, սինդի եւ Քամինանթի համայնքներուն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
