Որոնել

2025.10.14 Visita Ufficiale al Presidente della epubblica Italiana, On. Sergio Mattarella, al Palazzo del Quirinale

Լեւոն ԺԴ. Չ՝անտեսենք մեր նախնիներուն ապրածն ու փոխանցածը

Լեւոն ԺԴ. Պապին պապին պատգամը Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին «Քուիիրնալէ» Իտալիոյ նախագահական պալատէն ներս։ «Թոյլ չտանք որ գերի դառնանք զանգուածային եւ անցողակի օրինակներուն, որոնք կը խթանեն միայն ազատութեան թուային պատկերը, մարդկանց կախուածութեան մէջ դնելով այնպիսի ձեւեր, ինչպէս անցողակի քմահաճոյքները, առեւտրային ռազմավարութիւնները եւ կամ վերահսկողութեան այլ ձեւերը»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին, առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Պապը, պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Քուիրնալէ պալատ ու հանդիպեցաւ Իտալիոյ հանրապետութեան
նախագահ՝ Տիար Սերճօ Մաթարելլայի հետ»։

«Քուրինալէ» պալատին մէջ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին ուղղած իր պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար եւ ընդգծեց Սուրբ Պետրոսի Աթոռի եւ Իտալացի Ժողովուրդի միջեւ ամուր եւ պատմական կապը։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, որ հիմնուած է երկրի կրօնական եւ մշակութային աւանդութիւններուն վրայ, որոնք տեսանելի են հսկայական գեղարուեստական եւ հոգեւոր ժառանգութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ իշխանութիւններուն եկեղեցական կարեւոր իրադարձութիւններուն ժամանակ ցուցաբերած աջակցութեան համար՝ մասնաւորապէս նշելով Իր նախորդի՝ Ֆրանչիսկոս Պապին մահէն յետոյ ցուցաբերած նուիրուածութիւնը եւ ընթացիկ յոբելինական տարուան արդիւնաւէտ կազմակերպումը։

Անդրադառնալով ժամանակակից համաշխարհային խնդիրներուն, Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ ըրաւ խաղաղութեան՝ յիշեցնելով իր նախորդներուն խօսքերը համաշխարհային հակամարտութիւններուն դէմ եւ կոչ ընելով յարգելու համընդհանուր մարդու իրաւունքները։ Ան Բարձր գնահատեց Իտալիոյ կառավարութեան նուիրուածութիւնը պատերազմի եւ աղքատութեան միջավայրերու մէջ՝ ինչպէս Կազայի օգնութիւն ցուցաբերելը ու բարձր գնահատեց բազմակողմնութեան արժէքը ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմակայելու գործին մէջ։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Ասսիզացիի մահուան հարիւրամեակի կապակցութեամբ, քահանայապետը յիշեցուց «ընդհանուր տան մասին հոգ տանելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը»՝ ընդգծելով Իտալիոյ յատուկ առաքելութիւնը՝ խթանելու արարչագործութեան նկատմամբ յարգանքի մշակոյթը։

Պատգամին մէջ քահանայապետը անդրադարձ կատարեց Իտալիոյ համար կարեւորագոյն ընկերային խնդիրներուն, մտահոգութիւն յայտնելով ծնելիութեան մակարդակի նուազեցման վերաբերեալ՝ կոչ ընելով աջակցելու ընտանիքներուն՝ համապատասխան քաղաքականութեամբ, արժանապատիւ աշխատանքով եւ մայրերու եւ հայրերուն պաշտպանութեամբ։ Ան վերահաստատեց կեանքը պաշտպանելու կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր փուլի մէջ՝ սկսած բեղմնաւորումէն մինչեւ բնական մահ։

Քահանայապետը երախտագիտութիւն յայտնեց Իտալիոյ կողմէ գաղթականները ընդունելու առատաձեռնութեան համար՝ խրախուսելով պահպանելու զօրակցութեան կեցուածքը եւ խթանելու կառուցողական ընդլեզումը՝ հիմնուած փոխադարձ մշակութային հարստացումին վրայ։

Վերջապէս Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը կոչ ըրաւ չ՝անտեսելու անցեալ սերունդներուն կողմէ փոխանցուած մշակութային ժառանգութիւնն ու արժէքները։ 
«Այսօր որոշակի միտում կայ տարբեր մակարդակներէ ներս թերագնահատելու դարերու ընթացքին կազմաւորուած եւ մեր մշակութային ինքնութիւնը ձեւաւորող տիպարներն ու արժէքները, երբեմն նոյնիսկ փորձելով ջնջել անոնց պատմական եւ մարդկային կարեւորութիւնը։ Եկէք չ՝արհամարհենք մեր նախնիներուն ապրածը եւ փոխանցածը, նոյնիսկ մեծ զոհողութիւններուն գնով։ Թոյլ չտանք որ գերի դառնանք զանգուածային եւ անցողակի օրինակներուն, որոնք կը խթանեն միայն ազատութեան թուային պատկերը, մարդկանց կախուածութեան մէջ դնելով այնպիսի ձեւերը, ինչպէս անցողակի քմահաճոյքները, առեւտրային ռազմավարութիւնները եւ կամ վերահսկողութեան այլ ձեւերը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը եզրափակեց մաղթելով լաւագոյն մաղթանքներ ողջ Իտալացի ժողովուրդին՝ խրախուսելով վերագտնելու իրենց հարստութիւնը ու յոյսով եւ վստահութեամբ դիմակայել ներկայի եւ ապագային մարտահրաւէրներուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2025, 12:14