Լեւոն ԺԴ. Լեւոն ԺԴ.  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. Սովը «հաւաքական ձախողութիւն, բարոյական շեղում, պատմական մեղք»

Հինգշաբթի, 16 հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապ այցելեց Հռոմի ՖԱՕ-ի կեդրոնը Պարենի համաշխարհային օրուան եւ միջազգային կազմակերպութեան 80 ամեակի առթիւ։ Քահանայապետը հրաւիրեց միջազգային հանրութիւնը վերջ դնելու սովի պատուհասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հոկտեմբեր 16ին, 2025 թուականին, Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելեց Հռոմի FAO-ի կեդրոնը, Պարենի համաշխարհային օրուան եւ կազմակերպութեան 80 ամեակի առթիւ։ Իր ելոյթին մէջ Քահանայապետը կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան՝ վերջ դնելու «սովի պատուհասին»։

673 միլիոն մարդ սովէն կը տառապի

Իր ելոյթին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը սովը սահմանեց, որպէս «հաւաքական ձախողութիւն», «բարոյական շեղում» ինչպէս նաեւ «պատմական մեղք», ընդգծելով 673 միլիոն մարդոց սովէն տառապելու եւ 2,3 միլիառ անձերուն սննդարար սնունդի հասանելիութիւն չ՝ունեցող ողբերգական իրականութիւնը ու այդ ողբերգութիւնը վերագրեց, «անհոգ տնտեսութեան, անարդար հարստութիւններուն բաշխումին»։

Պէտք չէ օգտագործել սնունդը, որպէս պատերազմի զէնք

Սրբազան Հայրը վճռականօրէն դատապարտեց սնունդի օգտագործումը, որպէս պատերազմի զէնք՝ զայն անուանելով յանցագործութիւն, որ կը հակասէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին եւ FAO-ի տասնամեակներու աշխատանքին։

Նորին Սրբութիւնը քննադատեց քաղաքական եւ ընկերային ղեկավարները նշելով.«Կարո՞ղ են քաղաքական եւ ընկերային առաջնորդները շարունակել բեւեռացուած ըլլալ՝ վատնելով ժամանակն ու հարստութիւնները անիմաստ եւ վնասակար քննարկումներուն մէջ, մինչդեռ անոնց որոնց պէտք են ծառայեն  կը շարունակուին մոռցուիլ կամ շահագործուիլ կողմնակի շահերուն համար։ Պէտք չէ պարզապէս հռչակել արժէքներ։ Պէտք է մարմնաւորել զանոնք։ Կարգախօսները մեզ դուրս չեն բերեր աղքատութենէն։ Անհրաժեշտ է յաղթահարել կոշտ քաղաքական տիպարը, որ հիմնուած է այնպիսի տեսլականի վրայ, որ կը գերիշխէ գերիշխող գործնականապաշտութեան վրայ, որ կը փոխարինէ անձը օգուտով։ Բաւարար չէ միայն զօրակցութեան կոչ ընել, պէտք է ապահովել պարենային անվտանգութիւն, հարստութիւններուն հասանելիութիւն եւ կայուն գիւղական զարգացումը»», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան ապա նդրադառնալով օրուան կարգախօսին՝ «ձեռք ձեռքի՝ աւելի լաւ սնունդի եւ աւելի լաւ ապագայի համար» կոչ ըրաւ վերանայելու բազմակողմանի պարտաւորութիւնը, որ կը լսէ ամենաղքատ ազգերու ձայները՝ առանց արտաքին լուծումներ պարտադրելու։ ու ընդգծեց կանանց անփոխարինելի եւ յաճախ թերագնահատուած դերը, որպէս «Գոյատեւման լուռ ճարտարապետներ, պարենային անվտանգութեան համար պայքարին մէջ։

Հասաւ ժամանակը ստանձնելու պարտաւորութիւնը, որ կ՝ազդէ քաղցածներուն կեանքին վրայ

«Պէտք չէ բաւարարուինք մեր պատերու վրայ պարզապէս աչքի զարնող մեծ պաստառներ լեցնելով։ Հասաւ ժամանակը ստանձնելու նոր պարտաւորութիւն, որ դրականօրէն կ՝ազդէ քաղցածներուն կեանքին վրայ՝ որոնք կ՝ակնկալեն շօշափելի գործողութիւնները, զոր դուրս կը բերէ իրենց յուսահատութենէն։Այս նպատակին կարելի է հասնիլ միայն արդիւնաւէտ քաղաքականութիւններուն համադրման ու միջամտութիւններուն համակարգուած իրականացումի միջոցաւ»։

Յաղթահարել անտարբերութիւնը 

Պատգամին մէջ քահանայապետը յորդորեց բոլորը յաղթահարելու անտարբերութիւնը՝ նշելով որ անտարբերութիւնը մարդը կը դարձէ անարդարութեան մասնակից։

«Սովը բազմաթիւ անուններ ունի եւ բեռ է ողջ մարդկային ընտանիքի համար։ Իւրաքանչիւր մարդկային անձ քաղցած է, ոչ միայն հացով, այլ ամէն բանով որ թոյլ կու տայ իրեն հասուննալու եւ աճելու դէպի այն երջանկութիւն, որուն համար մենք բոլորս ստեղծուած ենք։ Կայ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ քաղց, որ պէտք է առաջնորդուին համաշխարհային արձագանգին, որ մենք կանչուած ենք միասին տալու։ Այն ինչ, որ Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն անօթի ամբոխի առջեւ, կը մնայ հիմնարար եւ հրատապ մարտահրաւէր միջազգային հանրութեան համար։ «Դուք տուէք անոնց ուտելիք» (Մարկ 6,37). Աշակերտներու փոքր ներդրումով Յիսուս մեծ հրաշք գործեց։

Սուրբ Աթոռին եւ Եկեղեցւոյ յանձնառումը ի սպաս ամենախոցելիներուն

Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց յորդորելով «Չի յոգնինք այսօր Աստուծմէ քաջութիւն եւ ուժ խնդրելէ՝ շարունակելու աշխատիլ արդարութեան համար, որ կ՝արտադրէ մշտական եւ օգտակար արդիւնքներ։ Ձեր ջանքերը շարունակելով՝ կրնաք վստահիլ Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաստատութիւններուն յանձնառութեան եւ զօրակցութեան վրայ, որոնք պատրաստ են դուրս գալու եւ ծառայելու անենաղքատներուն եւ ամենախոցելիներուն, աննպաստ պայմաններուն մէջ գտնուողներուն»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2025, 11:08