Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Եկեղեցին պէտք է մօտիկ ըլլայ ժողովուրդին

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Թոսքանա թեմի հաւատացեալներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 11 հոկտեմբերին, կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Յոբելինական Սուրբ Տարուան առթիւ ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Իտալիոյ Թոսքանա թեմի հաւատացեալները։

Արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսելով եկեղեցւոյ միութեան մասին, նշեց որ Եկեղեցին մարմնաւորուած է թեմական իրականութիւններուն մէջ, բայց նաեւ կոչուած է զգալու Աստուծոյ զաւակներու մէկ ընտանիք՝ սահմաններէն անդին, հակադրելով ինքնութեան փակ մշակոյթին։ Եկեղեցւոյ Առաքելութիւնը խթանել է կաթողիկէութիւնը եւ իրական հաղորդութիւնը տարբեր տարածքներու միջեւ։

Քահանայապետը անդրադարձաւ սինոդականութեան մեթոտին ընդգծելով որ անհրաժեշտ է իրական սինոդական վարժութիւն, որ կը նախատեսէ միասին քալել, հարցադրումներ կատարել, անդորր զատորոշումներ կատարել՝ թեմերուն միաւորման գործընթացի ներուժն ու սահմանափակումները գնահատելու համար՝ առաջ շարժելով գործնական պայմաններէն։

Նորին Սրբութիւնի ապա նշեց որ Թոսքանա մարզը կը գտնուի Իտալիոյ կեդրոնը՝ հարուստ մշակոյթով եւ արուեստով, ամուր քրիստոնէական ժառանգութեամբ եւ նշանակալի սուրբ դէմքերով։ Ներկան կը պահանջէ կրթութեան եւ աւետարանութեան նկատմամբ վերանորոգուած նուիրուածութիւն, եւ ոչ թէ անցեալի նկատմամբ կարօտ։

Մօտիկութիւնը աշխատանքի ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը հիմնարար նկատել եկեղեցին մը, որ մօտիկ է ժողովուրդի յոգնութիւններուն, յատուկէն գործազրկութեան ժամանակներուն։

Եկեղեցին պէտք է ներկայ ըլլայ «այս աշխարհին՝ հասկացողութեամբ, խորաթափանցութեամբ եւ բարեկամական երկխօսութեամբ, առաջարկելով շօշափելի լուծումներ եւ պատասխանատուութիւններ, ինչպէս եկեղեցին տուներուն, գործարաններուն եւ մարդկանց մօտ։

Պատգամը աւարտեց խրախուսելով Թոսքանայի եւ յարակից շրջաններուն համայնքները չկեդրոնանալու անցեալի վրայ այլ ծրագրել եկեղեցի մը, որ մօտ է , միսինոնարական է եւ կարող միասին զատորոշել ապագայի ուղիները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2025, 11:13