Լեւոն ԺԴ. Պատերազմը երբեք սուրբ չէ, միայն խաղաղութիւնը սուրբ է, քանի որ Աստուծմէ խնդրուած է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 4,30ին, Հռոմի Քոլլոսսէօ ամփիթատրոնի մէջ տեղի ունեցաւ Խաղաղութեան համար նուիրուած միջազգային հանդիպում, Լեւոն ԺԴ. Պապին, Քրիստոնեայ եկեղեցիներուն եւ աշխարհի մէջ մեծ կրօններուն ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Լեւոն ԺԴ. Պապը խաղաղութեան համար միջոցառումի ընթացքին արտասանած պատգամին մէջ շեշտեց, որ պատերազմը լուծում չէ ու հաստատեց, որ պատերազմի աւարտը «անյետաձգելի պարտականութիւն է Աստուծոյ առջեւ, եւ «խաղաղութիւնը բոլոր քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն է»։
Աղօթքի ուժը
Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, թէ չնայած որ հակամարտութիւնը կեանքի մէկ մասը կը կազմէ պատերազմը երբեք լուծում չէ։ Իսկական պատասխանը խաղաղութիւն է, հասկցուած որպէս «հաշտութեան մշտական ուղի»։ Աղօթքը վճռորոշ ուժ է՝ մարդկային սիրտը խաղաղութեան պատրաստելու համար։
«Անոնք որոնք չեն աղօթեր կը չարաշահեն կրօնքը, նոյնիսկ սպաննելու համար։ Աղօթքը հոգիին շարժումն է, սիրտի բացումը։ Ոչ թէ գոռացող խօսքեր, ոչ թէ ցուցադրական վերաբերմունքներ, ոչ թէ Աստուծոյ արարածներուն դէմ օգտագործուող կրօնական կարգախօսներ։ Մենք կը հաւատանք, որ աղօթքը կը փոխէ ժողովուրդներուն պատմութիւնը։ Աղօթքի վայրերը պէտք է ըլլան հանդիպումի վրաններ, հաշտութեան սրբավայրեր, խաղաղութեան օազիսներ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
«Ասսիզիի ոգին»
Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ Խաղաղութեան համար աղօթքի հանդիպումը մաս կը կազմէ 1986 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ սկսած աւանդոյթին, որ շրջադարձային կէտ դարձաւ միջ կրօնական յարաբերութիւններուն։ «Այլեւս ոչ թէ մէկը միւսին դէմ, այլ մէկը միւսին կողքին» (Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ)։
«Այսօր աշխարհը, կարծես հակառակ ուղղութեամբ կ՝երթայ, բայց մենք դարձեալ կը վերսկսինք Ասսիզիէն, մեր ընդհանուր պարտականութեան գիտակցումէն, խաղաղութեան համար պատասխանատուութիւնէն» ըսաւ Սրբազան հայրը ու շնորհակալութիւն յայտնեց Սան Էճիտիոյ համայնքի եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն, կաթողիկէ եւ այլ, որ յաճախ հակառակ միտումներուն , կենդանի կը պահեն այս ոգին։
«Nostra aetate»ի ժառանգութիւն
Քահանայապետը ապա յիշեց «Nostra aetate» հռչակագիրը, որուն 60 ամեակը կը նշուի այսօր, նշելով որ «Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար «Ասսիզիո ոգիով» աղօթքը հիմնուած է Վատիկանեան Տիեզերական ժողովին «Nostra Aetate» հռչակագիրին մէջ արտայայտուած ամուր հիմքի վրայ, որ է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ այլ կրօններու միջեւ յարաբերութիւններուն վերականգնումը։
«Մենք միասին կը վերահաստատենք երկխօսութեան եւ եղբայրութեան հանդէպ մեր յանձնառութիւնը՝ խնդրուած Տիեզերական ժողովի հայրերու կողմէ, եւ որ այդքան շատ պտուղներ տուաւ։ Այն ժամանակուայ խօսքերով՝ «Մենք չենք կրնար Աստուած կոչել, որպէս մարդոց Հայր, եթէ կը հրաժարինք եղբայրներուն պէս վարուելէ մարդոց հետ որոնք ստեղծուեցան Աստուծոյ պատկերին համաձայն (Nostra Aetate, 5), այպէս կը սորվեցնէ Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովը», ըսաւ Սրբաբան Հայըր
Պատերազմի դէմ կոչ
Լեւոն ԺԴ. Պապ պատգամին մէջ ապա մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքէն հետեւեալ հատուածը«Մենք պէտք է որ կրօններէն հեռաձնենք ազգայնամոլութեան, ցեղապաշտութեան, ժողովրդապաշտութեան սննդային գործիքներ դառնալու փորձութիւնը։ Պատերազմները երթալով կը սրուին։ Վայ անոնց որոնք Աստուած կը ներքաշեն Պատերազմներու մէջ»։ Ես իմս կ՝ընեմ այս խօսքերը եւ ուժով կը կրկնեմ, »Պատերազմը երբեք սուրբ չէ, միայն խաղաղութիւնը սուրբ է , քանի խնդրուած է Աստուծմէ»։
Լեւոն ԺԴ. կոչ ըրաւ ըսելով «Աղօթքի զօրութեամբ, մեր ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացուցած եւ ձեռքերը բացուած դէպի ուրիշներուն, պէտք է ապահովուենք, որ պատմութեան այս շրջանը, որ յատկանշուած է պատերազմով եւ ուժի ամբարտաւանութեամբ, շուտով աւարտի եւ սկսի նոր պատմութիւն։ Մենք չենք կրնար ընդունիլ որ այս շրջանը երկար տեւէ, որ կը կազմաւորէ ժողովուրդի մտածելակերպը, թէ կը վարժուինք պատերազմին որպէս պատմութեան բնականոն ուղեկից։ Բաւ է, Սա աղքատներուն եւ երկրի աղաղակն է։ Բաւ է, ով Տէր լսէ՛ մեր աղաղակը։
Կոչ քաղաքական ղեկավարներուն։
Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամը եզրափակեց կոչ ընելով քաղաքական անձնաւորութիւններուն, որ պատերազմներու դադրեցումը «Աստուծոյ առջեւ անյետաձգելի պարտականութիւն է եւ խաղաղութիւնը բոլոր քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն է ։
«Կրօնական առաջնորդներ թող յորդորեն կառավարիչները համարձակելու խաղաղութեան՝ երկխօսութեան, բանակցութեան եւ համագործակցութեան միջոցաւ վստահեցնելով, թէ նոյնիսկ եթէ աշխարհը խուլ է, Աստուած կը լսէ իրենց աղօթքը ու Աստուած հաշիւ պիտի խնդրէ բոլոր անոնցմէ որոնք չեն փնտռեր խաղաղութիւն, անոնցմէ որոնք լարուածութիւն եւ հակամարտութիւններ կը հրահրեն, պատերազմի ամէն օրերուն, ամիսներուն եւ տարիներուն»։
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը խօսքը աւարտեց ըսելով «Եթէ աշխարհը խուլ գտնուի մեր այս կոչի նկատմամբ, վստահ ենք որ Աստուած կը լսէ մեր աղօթքները եւ տառապողներու ողբերը։ Որովհետեւ Աստուած պատերազմէ զերծ աշխարհ կ՝ուզէ։ Ան մեզ կ՝ազատէ այս չարիքէն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
