Լեւոն ԺԴ. Պապը մօտիկ է Ժամայքայի մէջ փոթորիկի թիրախ զոհերուն, ընտանիքներուն եւ տեղահանուածներուն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս Հրապարակի վրայ Լեւոն ԺԴ. Պապ հրապարակային ունկնդրութիւնը աւարտելէ ետք կոչ ըրաւ աղօթելու Ժամայքայի մէջ աղետալի փոթորիկի թիրախ դարձած ու իրենց կեանքը կորսնցուցած զոհերուն համար։
Կոչին մէջ Քահանայապետը յիշելով փոթորիկի հետեւանքով տեղահանուած հազարաւոր անձերը, վնասուած բնակարանները ու հիւանդանոցները իր մօտիկութիւնը ու աղօթքը ապահովուեց մեռեալներու, աղետէն փախչողներուն ու մտահոգութեան եւ անհանգստութեան մէջ ապրող ժողովուրդին նկատմամբ։
Կոչին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.
«Վերջերս Մելիսսա փոթորիկը հարուածեց Ճամայքան՝աղետալի փոթորիկ մը, որ առաջացուց ուժեղ ջրհեղեղներ։ Այս ժամերուն այդ փոթորիկը կ՝անցնի Քուպայի վրայէն՝ աւերիչ ուժգնութեամբ։ Հազարաւոր մարդիկ տեղահանուած են, իսկ բնակարանները, հիւանդանոցները վնասուած են։ Ես բոլորին կը հաւաստիացնեմ իմ մօտիկութիւնս, աղօթելով անոնց համար, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքը, անոնց որոնք կը փախչին ու կ՝ապրին մտահոգութեան եւ անհանգստութեան մէջ»։
Նորին Սրբութիւնը կոչը աւսարտեց ըսելով. «Կը քաջալերեմ քաղաքացիական իշխանութիւնները կատարելու հնարաւոր ամէն ինչ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քրիստոնեայ համայնքներուն, ինչպէս նաեւ կամաւորական կազմակերպութիւններուն, ցուցաբերած օգնութեան համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
