Մատակասկարի մէջ բախումներ Մատակասկարի մէջ բախումներ  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. Աղօթենք Աստուծոյ որպէսզի միշտ հեռու մնանք բռնի բախումներէն

Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կայացած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ ըրաւ Մատակասքարի մէջ տեղի ունեցած ոստիկաններու եւ երիտասարդ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցած բռնի բախումներուն կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 1 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կայացած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը կոչ ըրաւ Մատակասկարի մէջ տեղի ունեցած ոստիկաններու եւ երիտասարդ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցած բռնի բախումներուն կապակցութեամբ։

«Ես տխուր եմ Մատասկասկարէն ստացած ոստիկաններուն եւ երիտասարդ ցուցարարներու միջեւ տեղի ունեցած բռնի բախումներուն մասին լուրէն, որոնց հետեւանքով զոհուած են մի քանի ցուցարարներ, իսկ մօտաւորապէս հարիւրի հոգի վիրաւորուած է ։ Աղօթենք Աստուծոյ, որպէսզի միշտ խուսափինք բռնութեան բոլոր ձեւերէն ու խթանէ ընկերային ներդաշնակութեան մշտական հետապնդումը՝ արդարութեան եւ ընդհանուր բարօրութեան խթանման միջոցաւ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր յղած կոչին մէջ։

Նշենք, թէ այսօր առաւօտեան հրապարակային ունկնդրութենէն առաջ, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ ու իր սիրտի խօսքը ուղղեց Գերմանիայէն ուխտագնացութեամբ հռոմ ժամանած խումբ մը հիւանդ ուխտաւորներուն հետ։

«Բարի լոյս, սիրելի ուխտաւորներ, Հրապարակային ունկնդրութեան երթալէ առաջ ուզեցի անձամբ ձեր հետ հանդիպիլ, հոս Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ։ Հոս հնարաւորութիւնը պիտի ունենաք պաստառներուն վրայ հետեւելու այն ինչ, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, միաժամանակ աւելի պաշտպանուած պիտի ըլլաք», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու  հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը, յանձնելով Տիրամօր բոլոր դիտաւորութիւնները՝ ըլլայ անձնական, ըլլայ բոլոր այն դիտաւորութիւնները,   որոնց համար կը փափաքին աղօթել։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2025, 11:23