Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պրազիլի հանրապետութեան նախագահը

Իքս-ի վրայ կատարած գրառումի մէջ Պրազիլի նախագահը տեղեկացուց, որ իրենց զրոյցը կեդրոնացած է Կրօնի, հաւատքի եւ Պրազիլի ու աշխարհի առջեւ ծառացած մեծ մարտահրաւէրներուն վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 13 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Պրազիլի նախագահ, Լուիս Ինացիօ Լուլա տա Սիլվա։ Այս առիթով Իքս-ի վրայ կատարած գրառումի մէջ Պրազիլի նախագահը նշեց, որ իրենց զրոյցը կեդրոնացած է Կրօնի, հաւատքի եւ Պրազիլի ու աշխարհի առջեւ ծառացած մեծ մարտահրաւէրներուն վրայ։

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանայապետին Իր Dilexi te առաքելական յորդորագիրին ու այն պատգամին համար` որ չենք կրնար հաւատքը բաժնել աղքատներուն հանդէպ սէրէն։

Նախագահը գրեց որ ինք Քահանայապետը հրաւիրած է Cop30-ին՝ ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերին Պէլէմի՝ Պրազիլի Ամազոններուն մէջ աւելցնելով, որ Քահանայապետը պիտի չկարենայ մասնակցիլ այդ ժողովին սակայն ներկայ պիտի ըլլայ Վատիկանի ներկայացուցիչ մը։

Նշենք` թէ Պրազիլի նախագահը այժմ կը մասնակցի Հռոմի մէջ կայացած Համաշխարհային սնունդի ֆորումին՝ FAO-ի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2025, 13:05