2025.10.15 Udienza Generale

Լեւոն Պապը կը պատասխանէ որդեկորոյս հօր մը հարցումին

Մնալ միշտ կապուած Տիրոջ, Մահը երբեք չունի վերջին խօսքը. Տոմենիքօ Մարիա անունով 13 տարեկանին անակնկալ հիւանդութեան մը պատճառաւ մահացած մանուկի հայր Ֆրանչեսքոն, որ իր ցաւին սփոփանքը կը փնտռէ Եկեղեցւոյ մէջ, Լեւոն ԺԴ Պապին խօսքերուն մէջ կը գտնէ պատասխան մը. «Ձեր կեանքը, Տոմենիքօ Մարիայի կեանքի հետ միասին, հիանալի օրինակ է բոլոր հայրերուն և մայրերուն համար, որոնք չեն կարող վերականգնիլ զաւկի մը կորուստի անսահման ցաւէն ետքը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Փիացցա Սան Փիեթրօ» Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի ամսաթերթի հոկտեմբեր ամսուան թիւը նուիրուած է անցեալ 12 եւ 13 սեպտեմբերին կայացած Եղբայրութեան նուիրուած Համաշխարհային Հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ։ Եղբայրութիւնը հասկցուած, որպէս պատասխան պատերազմներուն ու բաժանումներուն, ինչպէս այս մէկը բացատրեցին հաւաքին դերակատարները։

Նոյն պարբերաթերթին մէջ սիւնակ մը նուիրուած է Քահանայապետի պատասխանին ու այս ամիս Լեւոն ԺԴ. կը պատասխանէ որդեկորոյս հօր մը հարցումին Ֆրանսեքոյին որ չորս զաւակներու հայր է, որոնցմէ մին Տոմենիքօ Մարիան անակընկալ հիւանդութեան մը բերումով մահացաւ 13 տարեկանին։

«Սրբազան հայր իմ այս նամակս կ՛ուզէ ըլլալ պարզ մտածում մը եւ յիշողութիւն...որպէսզի Աստուած իր Հօր անհուն բարութեամբ ու ողորմութեամբ, զայն ընդուի իր Արքայութեան մէջ» կը գրէ Ֆրանչեսքոն Լեւոն Քահանայապետին ուղղած նամակին մէջ, սիրոյ ու խոր հաւաքի արտայայտութեամբ։

«Մեր յոյսն է, որ Տոմենիքօ Մարիան ըլլայ Երկնքի մէջ, Յիսուսի և Աստուածածնայ հետ միասին և բարեխօս ըլլայ իր ընտանիքին։ Աղօթեցէք Անոր համար։ Աղօթեցէք Անոր հետ» գրեց Լեւոն Պապը իր պատասխան նամակին մէջ ընդգծելով քրիստոնէական հաւատքի կենտրոնական կէտ մը՝ անխզելի հաղորդութիւնը, որ չի խզուիր նոյնիսկ մահան առիթով, միշտ կապուած մնալով Տիրոջ հետ։ Աղօթքը՝ կապեր կը ստեղծէ, «և միշտ կը միացնէ», - կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը։

Նորին Սրբութիւնը իր պատասխանով կը քաջալերէ Ֆրանչեսքոն ու անոր ընտանիքը և անուղղակիօրէն նոյն փորձառութիւնը ապրող բոլոր ծնողները. «Ձեր կեանքը, միացած Տոմենիքօ Մարիայի կեանքին հետ, հիանալի օրինակ է բոլոր հայրերուն և մայրերուն, որոնք չեն կարող վերականգնիլ զաւկի մը կորուստի անսահման ցաւէն ետք»։ Ան ապա կ՛աւելցնէ` թէ Մկրտութեամբ կը սկսի կեանք մը, որ վերջ չունի, «որովհետեւ մահը երբեք չի կրնար վերջին խօսքը ունենալ»։

Ան ապա նամակը կը ստորագրէ իր աղօթքները ապահովեցնելով Տոմենիքօ Մարիային ու բոլոր այն երիտասարդներուն, որոնք վաղահաս կերպով թողուցին այս աշխարհը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2025, 14:17