Որոնել

2025.10.24 Pellegrinaggio Giubilare dell'Estonia

Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Էսթոնիայի ուխտաւորները

Նորին Սրբութիւնը յատուկ ողջոյն մը ուղղեց նորօծ քահանաներուն զանոնք նկատելով Եկեղեցւոյ եւ Էսթոնիայի համար յոյսի նշաններ, երախտագիտութեամբ յիշեցնելով տեղւոյն Եկեղեցիին անցեալ տարի Թեմի աստիճան շնորհելու լուրը, Էսթոնիայի Առաքելական Հոգաբարձութեան հիմնադրութեան մէկդարեայ պատմութենէն ետքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Ուրբաթ` 24 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց` Յոյսի Յոբելենական տարուան առիթով Էսթոնիայէն ժամանած ուխտաւորները, եւ այս առիթով անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը արտայայտեց անոնց հետ հանդիպելուն համար ապա խրախուսեց ներկաները ամրապնդելու իրենց հաւատքը եւ Աւետարանը տարածելու պարզութեամբ ամենօրեայ կեանքին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկ ողջոյն մը ուղղեց նորօծ քահանաներուն զանոնք նկատելով Եկեղեցւոյ եւ Էսթոնիայի համար յոյսի նշաններ, երախտագիտութեամբ յիշեցնելով տեղւոյն Եկեղեցիին անցեալ տարի Թեմի աստիճան շնորհելու լուրը, Էսթոնիայի Առաքելական Հոգաբարձութեան հիմնադրութեան մէկդարեայ պատմութենէն ետքը։

Ան ապա ընդգծեց համամիութենական համագործակցութեան արժէքը, ողջունելով Լուտերական Եկեղեցւոյ անդամները ու այլ ոչ կաթողիկէ ուխտաւորները յատկապէս անոնք որոնք սատարեցին վերջերս Թալլինի մէջ Գերապ. Էտուարտ Փրոֆիթլիքի Երանացման արարողութիւնը պատրաստելու:

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ գնահատեց դրսեւորուած միութեան հոգին` որպէս ատելութեան ու անցեալի հալածանքներուն դէմ վկայութիւն

Ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրեց բոլոր ներկաները աղօթելու Եւրոպայի եւ համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար հուսկ ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնները զանոնք յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2025, 12:23