Որոնել

Աղքատներուն եւ գաղթականներ Աղքատներուն եւ գաղթականներ 

Լեւոն ԺԴ. Աղքատները չնկատել որպէս կարիքաւորներ այլ որպէս յոյսի միսիոնարներ

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղեց «Catholic Charities USA Network 115»-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրեցէք քահանայապետին այս օրուան ու միւս լուրերը

Բարեգործական կազմակերպութեան 115-րդ հանդիպումի մասնակիցներուն ուղղած պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապ մասնակիցներուն դիմեց որպէս «յոյսի գործակալներ», որ կը համապատասխանէ յոյսի առաքինութեան նուիրուած 2025 յոբելինական սուրբ տարուան։

Քահանայապետը բարձր գնահատեց 168 թեմական գործակալութիւններուն նուիրուածութիւնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ միլիոնաւոր խոցելի անձերուն օգնութիւն եւ կարեկցանք ցուցաբերելու համար, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով գաղթականներուն եւ փախստականներուն ու ընդգծեց , թէ ինչպէս բարեսիրական կազմակերպութիւնը կը մարմնաւորէ Աստուծոյ մտերմութեան, կարեկցանքի եւ քնքշութեան ոճիրը, սնունդի բաշխումը,, բժշկական օգնութիւնը եւ իրաւաբանական օգնութիւնը։

Լեւոն ԺԴ. Պապը հրաւիրեց չնկատելու գաղթականները, որպէս կարիքաւորներ այլ նաեւ որպէս յոյսի միսիոնարներ, որոնք իրենց հաւատքով եւ դիմացկութեամբ կը վերակենդանացնեն զիրենք ընդունող համայնքները։ Խրախուսեց բարեգործական կազմակերպութեան անդամները շարունակելու իրենց դերը որպէս կամուրջներ կառուցողները, մշակոյթներուն եւ ազգերու միջեւ՝ խթանելով նորեկներուն մասնակցութիւնը համայնքային կեանքին մէջ։

Վերջապէս Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն անոնց ամենօրեայ ծառայութեան համար՝ Իր առաքելական օրհնութիւնը տալով ամբողջ Կաթողիկէ բարեգործական կազմակերպութեան ցանցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2025, 12:47