Լեւոն ԺԴ. Միասին քալելը Եկեղեցւոյ կեանքի ոճն ու առաքելութիւնն է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով պատգամ մը ուղղեց Քամալտոլէզի միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Մաթթէօ Ֆեռարիին, «Եպիսկոպոս մը սինոդական եկեղեցւոյ մէջ» խորագիրով ժողովին կապակցութեամբ։
«Սինոդական եկեղեցւոյ մէջ Եպիսկոպոսը» նիւթով համագումարին Նորին Սրբութիւնը հոգեպէս ներկայ է ժողովին ու իր ջերմ, սրտագին մաղթանքները կը յայտնէ նախաձեռնողներուն, դասախօսներուն ու բոլոր մասնակիցներուն՝ արտայայտելով իր գնահատանքը նախաձեռնութեան համար՝ որ ուղղուած է սինոդականութեան սկզբունքը եւ Եպիսկոպոսի դէմքը նկատելու լիազօր պահապան եւ հաւատքի վկայ։
Քահանայապետը կը մաղթէ, որ ուսումնասիրութեան օրերը խթանեն նորացուած հասկացողութիւնը՝ որ միասին քալելը եկեղեցւոյ ապրելակերպն ու առաքելութիւն է, եւ որ իսկական սինոդականութիւնը իր բնոյթով կը պահանջէ բոլոր մկրտուածներուն լսողութիւնն ու մասնակցութիւնը՝ ըստ իւրաքանչիւրին կոչումին՝ բայց չկրնար անտեսել Քրիստոսի կողմէ Պետրոսի յաջորդին գլխաւորած եպիսկոպոսներուն խորհուրդին շնորհուած լիազօրութիւնները։
Այս մաղթանքներով Քահանայապետը Սուրբ Հոգիի առատ պարգեւները կը հայցէ աշխատանքի յաջողութեան համար եւ սրտանց կը փոխանցէ իր առաքելական օրհնութիւնը» գրեց Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով յղած պատգամին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
