Որոնել

2025.10.09 Il Papa in visita al Dicastero per il Servizio dello Sviluppo umano integrale

Քահանայապետը այցելեց Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութիւնը

«Dilexi te» առաքելական յորդորագիրի հրատարակումին օրը Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այցելեց Մարդկային համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութիւնը, որ կը գտնուի Թրասեթեվերէ շրջանի «Փալացցօ Սան Քալլիսթօ» Վատիկանեան կառոյցին մէջ, հանդիպելու համար Վերատեսչութեան անդամներուն ու աշխատաւորներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց տարած աշխատանքին համար քաջալերելով նաեւ շարունակելու առաքելութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Այսօր կէսօրէն ետք Լեւոն ԺԴ. այցելեց Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութիւնը եւ ղեկավարներու և բոլոր աշխատակիցներու հետ պահ զրուցելէն յետոյ Ան ողջունեց զանոնք մէկիկ մէկիկ ապա օրհնեց «Մարդկային արժանապատուութիւն ծառ» արուեստական աշխատանքը և բոլոր ներկաները»։ Սոյն լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի կողմէ «թելեկրամ» ընկերային ցանցի վրայ հրատարակուած տեղեկատուութեան մէջ։

Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը հինգշաբթի 9 հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, «Dilexi te» առաքելական յորդորագիրի հրատարակումին օրը այցելեց Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութիւնը, որ կը գտնուի Թրասեթեվերէ շրջանի «Փալացցօ Սան Քալլիսթօ» Վատիկանեան կառոյցին մէջ, հանդիպելու համար Վերատեսչութեան անդամներուն ու աշխատաւորներուն հետ։

Այցելութեան առիթով Քահանայապետը ստորագրեց նաեւ Վերատեսչութեան Ոսկէ մատեանը որուն մէջ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Վերատրեսչութեան այցելութեանս առիթով, «Dilexi Te»-ի հրատարակման օրը, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի բոլորիդ որ ձեր աշխատանքը կը դարձնէք Եկեղեցւոյ առաքելութեան իրական արտայայտութիւն»։

Հանդիպման ընթացքին Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին քաջալերելով նաեւ շարունակելու առաքելութիւնը ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ «Dilexi te»ի մէջ նկարագրուած աղքատներուն։

«Շնորհակալութիւն ձեր աշխատանքի համար», «շնորհակալութիւն ձեր նուիրուածութեան համար», - ըսաւ Քահանայապետը Վերատեսչութեան աշխատակիցներուն, որոնք Սուրբ Աթոռի աշխատանքը կ՛ իրականացնեն համայն աշխարհի տարբեր ոլորտներու ներքոյ, գաղթականութիւն, տնտեսութիւն, բնապահպանութիւն, առողջապահութիւն, կրթութիւն եւ անվտանգութիւն։

Երկու ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին Լեւոն Պապը առանձնական հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վերատեսչութեան Վերատեսուչ կարդինալ Չեռնիի, Վերատեսչութեան քարտուղար Քոյր Ալեսսանտրա Սմեռիլլիի, ենթաքարտուղարներ` Կարդինալ Ֆապիօ Պաճճոյի եւ Գերապայծառ Անթոնի Էքփոյի հետ։

«Մարդկային արժանապատուութեան ծառ»
«Մարդկային արժանապատուութեան ծառ»

«Մարդկային արժանապատուութեան ծառ» արւեստի գործի օրհնութիւնը

Այցի կարևորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը եղաւ «Մարդկային արժանապատուութիւն ծառ» քանդակի օրհնութիւնը, որ տեղադրուած էր անցեալ Յուլիսին և կը խորհրդանշէ անցեալի և ներկայի միջև շարունակականութիւնը, ուստի Վերատեսչութեան արմատները, որ հիմնադրուած է Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 2017 թուականի յունուարին՝ նախորդ չորս Քահանայապետական Cor Unum, Արդարութիւն և խաղաղութիւն, Գաղթականներու և թափառաշրջիկ մարդոց ու Առողջապահութեան գործիչներու Խորհուրդներու միացումէն ետքը։

Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութիւնը վերեւ յիշուած Քահանայապետական խորհուրդներէն ժառանգած է բազմաթիւ թեմաներու քննարկումներու աշխատանքը ու առաքելութիւնը խթանելու բոլոր անհատներու մարդկային արժանապատուութիւնը, առանց բացառելու եւ ոչ մէկը ու մասնաւորապէս ուշադրութիւն դարձնելով վերջիններուն, տկարներուն եւ բացառուածներուն։

Այս երկրորդ անգամն է, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը կ՛այցելէ Վերատեսչութիւն մը, առաջինը եղած էր անցեալ 20 մայիսին, իր ընտրութենէն երկու շաբաթ ետք` երբ այցելեց Քահանայապետ ընտրուելէն առաջ երկու տարիներ շարունակ իր նախագահած Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2025, 08:00