Օգնեցէք ինծի օգնելու աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ միսիոնարներուն. Լեւոն ԺԴ. կոչը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Փերույի մէջ իր անձնական փորձառութենէն մեկնելով է, որ Լեւոն ԺԴ. կը վկայէ այն բարիքի մասին, զոր միսիոնարները իրագործեցին այն վայրերուն մէջ ուր անոնք կատարեցին իրենց առաքելութիւնը, ու մասնաւորապէս այն օգնութեա`ն զոր անոնք ընկալեցին շնորհիւ իրենց նուիրուած Համաշխարհային Օրուան։
«Երբ ես քահանայ էի, ապա՝ միսիոներ եպիսկոպոս Փերույի մէջ, իմ աչքերով տեսայ, թէ ինչպէս այդ օր ցուցաբերուած հաւատքը, աղօթքը և առատաձեռնութիւնը կարող են փոխել ամբողջ համայնքներ», - ըսաւ Սրբազան Պապը այս տարի 19 հոկտեմբերին Փերույի մէջ նշուած Միսիոներներու համաշխարհային Օրուայ տօնախմբութեան առիթով հրապարակած իր լսատեսողական պատգամին մէջ, ընդգծելով` թէ ինչպէս այդ օր «ամբողջ Եկեղեցին կը միանայ աղօթքի մէջ միսիոներներու և անոնց առաքելական աշխատանքի պտղաբերութեան ի սպաս»։
Օգնեցէք տարածելու Աւետարանը
Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրաւէր ուղղեց աշխարհի բոլոր կաթողիկէ ժողովրդապետներուն, «մասնակցելու» Համաշխարհային օրուան, քանի որ «ձեր աղօթքներն ու օգնութիւնը կը ծառայէ Աւետարանի տարածման, հովուական և քրիստոնէականի ծրագիրներու աջակցելու, նոր եկեղեցիներ կառուցելու և միսիոներական տարածքներուն մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն և քոյրերուն առողջապահական և կրթական կարիքներուն արձագանքելու» յարեց ի միջի այլոց Ան։
Ժողովուրդներու մէջ Յոյսի միսիոներներ
19 Հոկտեմբերին «Մինչ մենք միասին կը խորհրդածենք «ժողովուրդներու մէջ յոյսի միսիոներներ» ըլլալու մեր մկրտութեան կոչումի մասին, նորոգենք մեր քաղցր և ուրախալի յանձնառութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսը, մեր Յոյսը, հասցնելու աշխարհի բոլոր ծայրամասերը», ըսաւ ապա Քահանայապետը ու պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով այն ամէն բաներուն համար` որ «դուք պիտի ընէք ինձ օգնելու` որպէսզի օգնենք աշխարհի բոլոր ծայրերու մէջ գտնուող միսիոներներուն»։
Նշենք` որ Միսիոնարներու այս տարուայ համաշխարհային Օրուան օրը` 19 հոկտեմբերին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուր Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի գլխաւորէ եօթը երանելիներու Սրբադասման արարողութիւնը որոնց շարքին նաեւ Մարտինի երբեմնի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` հայոց մեծ Եղեռնի օրերուն` 1915-ին 46 տարեկանին նահատակուած` Իգնատիոս Արք. Մալոյեանը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
