Քահանայապետը ընդունեց Ազրպէյճանի առաջին փոխ նախագահը
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Այսօր` 17 հոկտեմբերի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Պապը, Առաքելական Պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Տիկ Մեհրիպան Ալիեվային, Ազրպէյճանի առաջին փոխ նախագահ, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու և Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժնի բազմակողմանի բաժնի ենթաքարտուղար Գերապայծառ Տանիէլ Պաքոն։
Պետականքարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ընթացքին երկու կողմերն ալ գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի լաւ յարաբերութիւններու զարգացման և ամրապնդման ուղիով, մասնաւորապէս՝ մշակութային համագործակցութեան ոլորտէն ներս, և գնահատեցին Երկրին մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունութիւնը:
Միևնոյն ժամանակ, ուշադրութիւն դարձուեցաւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ, մասնաւորապէս՝ Հարաւային Կովկասի մէջ արդար և երկարատև խաղաղութեան անհրաժեշտութեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
