Papa in piazza per udienza, fedeli fino a via Conciliazione

Բոլորդ կը հրաւիրեմ ամէն օր աղօթելու Վարդարանը աշխարհի խաղաղութեան համար. Լեւոն ԺԴ

Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց կրօնաւոր, կրօնաւորուհիները, ու աշխարհական նուիրելները որոնք այս օրերուն կ՛ապրին Նուիրեալ Կեանքի Յոբելենական ուխտագնացութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց Աւետարանին եւ Եկեղեցւոյ ի սպաս թանկարժէք ծառայութեան համար խրախուսելով ամենուրէք ըլլալու Աստուծոյ սիրոյն խօսուն նշաններ, եւ խաղաղութեան գործիքներ։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթքին։ Հետևաբար, ես ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ ամէն օր աղօթելու Վարդարանը աշխարհի խաղաղութեան համար։ Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը միշտ ձեզի ընկերանայ». Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կոչն է սա, զոր Ան ուղղեց գերմանացի հաւացեալներուն, որոնք մասնակցեցան 8 հոկտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան։

Զանազան լեզուներով ուղղած իր ողջոյնի խօսքերուն մէջ Քահանայապետը խրախուսեց ապա հաւատացեալները Յարութիւն առած Տիրոջմէ հայցել որ բանայ մեր աչքերը` «անընդհատ ճանաչելու Անոր ներկայութիւնը՝ գործելով խորհուրդներուն և մեր կեանքին մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց կրօնաւոր, կրօնաւորուհիները, ու աշխարհական նուիրեալները, որոնք այս օրերուն կ՛ապրին Նուիրեալ Կեանքի Յոբելենական ուխտագնացութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց Աւետարանին եւ Եկեղեցւոյ ի սպաս թանկարժէք ծառայութեան համար  խրախուսելով ամենուրէք ըլլալու Աստուծոյ սիրոյն խօսուն նշաններ, եւ խաղաղութեան գործիքներ։

«Մի՛ յոգնիք յոյսը վկայելէ ժամանակակից աշխարհի բազմաթիւ սահմաններուն վրայ՝ իմանալով միսիոներական համարձակութեամբ բացայայտել աւետարանութեան և մարդկային յառաջխաղացման նոր ուղիներ», ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ ողջունեց նաեւ իտալացի ուխտաւորներու խումբերը։

Ան ապա յիշեց երիտասարդները հիւանդներն ու նորապսակները հրաւիրելով բոլորը իրենց միտքը ուղղելու Մարիամին ու անոր նայելու պատրաստ ըլլալով համապատասխանելու Աստուծոյ մեզմէ իւրաքանչիւրիս վերապահած  սիրոյ ծրագրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2025, 11:59