Որոնել

Պատմական համամիութենական աղօթք` Քահանայապետին ու Անգլիոյ Թագաւորին միասնական մասնակցութեամբ

Անկլիքան Եկեղեցւոյ բարեկարգումէն 500 տարի ետք առաջին անգամն ըլլալով Բրիտանացի միապետ մը հրապարակաւ կ՛աղօթէ Քահանայապետի մը հետ, Սիքստինեան մատրան մէջ, և առաջին անգամ ըլլալով Անկլիքան եկեղեցւոյ ղեկավարին կը շնորհուի «Թագաւորական եղբայր» տիտղոսը` Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան տաճարին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան

Այսօր` Հինգշաբթի 23 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Անգլիոյ Թագաւոր Չարլզ Գ. եւ անոր կողակից Քամիլլա Թագուհին ու անոնց ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։

Անդրանիկ հանդիպում ընդմէջ Չարլզ Թագաւորին եւ Քահանայապետին

Այս առաջին անգամն է որ Լեւոն ԺԴ. հանդիպում կ՛ունենայ Անգլիոյ Թագաւորին ու Թագուհիին հետ։ Անոնք ապա հանդիպում ունեցան նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ հուսկ ժամը 12-ին Վատիկանի Թանգարաններու Սիքստինեան մատրան մէջ մասնակցեցան Արարչագործութեան Խնամքին նուիրուած համամիութենական աղօթքի մը, Անկլիքան Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Սթեֆեն Քոթթրելի մասնակցութեամբ ու Լեւոն ԺԴ. Պապին նախագահութեամբ։

Պատմական աղօթքի պահ մը

Նշենք` որ Անկլիքան Եկեղեցւոյ բարեկարգումէն 500 տարիներ ետքը այս առաջին անգամն է, որ Բրիտանացի միապետ մը հրապարակաւ կ՛աղօթէ Քահանայապետի մը հետ։

Աղօթքին երգեցողութիւնները ապահովեցին Սիքստինեան Մատրան և Լոնտոնի Թագաւորական մատրան երգչախումբերը: Արարողութեան կիզակէտը հանդիսացաւ Սուրբ Ամպրոզիոսի տաղը, զոր թարգմանած է Սուրբ Ժոն Հենրի Նիումանի կողմէ, սուրբը որ կեանքին կէսը ապրած է որպէս Անկլիքան Եկեղեցւոյ հաւատացեալ եւ միւս կէսը` որպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերական եւ որ յառաջիկայ մէկ նոյեմբերին Լեւոն ԺԴ.ը զայն պիտի հռչակէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած պատարագի մը ընթացքին, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Անկլիքան Եկեղեցիէն կարեւոր պատուիրակութիւն մը։

Այս ծիրէն ներս յայտնենք` որ Չարլզ Գ. Թագաւորը Միացեալ Թագաւորութեան որպէս Գերիշխան` է նաեւ Անգլիոյ Եկեղեցւոյ Ղեկավարը եւ Սիքստնինեան մատրան մէջ այսօր տեղի ունեցած համամիութենական աղօթքը ունի պատմական նշանակութիւն, տրուած ըլլալով, որ այս մէկը կը պատահի, ինչպէս նշեցինք, Անկլիքան Եկեղեցւոյ 1534-ին կայացած բարեկարգումներէն հինգ հարիւր տարիներ ետքը, այսինքն երբ Անկլիքան Եկեղեցին բաժնուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն եւ ասոր համար աղօթքը ունի համամիութենական խոր իմաստ ու նշանակութիւն, որ ցոյց կու տայ կաթողիկէ եւ անկլիքան եկեղեցիներու աւանդութիւններու միջեւ մօտեցում մը, հակառակ վարդապետական զանազանութիւններուն։

Աղօթքին համար ընտրուած նիւթը  այդ պահը դարձուց ոչ միայն կրօնական այլեւ ընդհանուր հարցի մը հայող իրողութիւն, որ ներգրաւեց բնապահպանութիւնը, կայունութիւնը ու միջազգային համագործակցութիւնը։

ԻՆչպէս վերեւ նշեցինք համամիւթենական աղօթքի կեդրոնական նիւթը հանդիսանացաւ արարչագործութեան հոգատարութիւնը այսինքն բնապահպանութեան հանդէպ ուշադրութիւնը ու նեաւ մոլորակի նկատմամբ մեր պատասխանատութիւն, նիւթեր որոնք  Քահանայապետին եւ Թագաւորին սրտին մոտիկ են։ 

Արարչագործութեան խնամքին նուիրուած հանդիպում եւ Սուրբ Պօղոս պազիլիքայի մէջ արարողութիւն

Սիքստինեան մատրան մէջ կայացած աղօթքէն ետքը Վատիկանի «Ռեճա» անուան դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ հակիրճ հանդիպում, նուիրուած արարչագործութեան հոգատարութեան։ Մինչ կէսօրէն ետքը Չարլզ Թագաւորին համար Հռոմի Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ նախատեսուած էր այլ համամիութենական աղօթք մը, որուն ընթացքին անոր շնորհուեցաւ “Royal Confrater” պատուոյ տիտղոսը։

Յայտնենք` որ «Սուրբ Պօղոսի թագաւորական եղբայր» տիտղոսը՝  հոգևոր ճանաչում մըն է Թագաւորին համամիութեան ի սպաս յանձնառումին համար։ Այս առիթով Թագաւորին կը նուիրուի թագաւորական զինանշանով գահ մը, որ սակայն կը մնայ Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ, լատինական «Ut unum sint - որպէսզի անոնք մէկ ըլլան» գրութեամբ։

Ձեռնարկը կը ներկայացնէ Կաթողիկէ և Անկլիքան եկեղեցիներու միջև երկխօսութեան այլ պատմական պահ մը, ինչպէս ընդգծեց գերապայծառ Ֆլավիօ Փաչեն, սոյն ձեռնարկին ներկայացումը կատարելով անցեալ օրերուն:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը

Նշենք` որ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը հայող Պետական Քարտուղարութեան մէջ Թագաւորին ու Կարդինալ Փարոլինի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ «Պետական ​​քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներու ժամանակ, գոհունակութիւն յայտնելով առկայ լաւ երկկողմ յարաբերութիւններուն համար, կողմերը մտքեր փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը և աղքատութեան դէմ պայքարը: Յատուկ ուշադրութիւն յատկացուեցաւ ապա միասնական յանձնառութեան խթանելու համար խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը ի տես համաշխարհային մարտահրաւէրներուն։

«Ի վերջոյ յիշելով Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, համատեղ մտորումներ տեղի ունեցան համամիութենական երկխօսութեան խթանման շարունակականութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ» նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

Լեւոն ԺԴ. Պապ Շարլզ Գ Թագաւոր հանդիպում
23/10/2025, 12:44