Հաղորդենք յոյսին Աւետարանը. Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պօղոսի Դուստրեր միաբանութեան անդամներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 2 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պօղոսի Դուստրեր միաբանութեան ընդհանուր 12-րդ Ժողովի մասնակիցներուն, միաբանութեան հիմնադրութեան 110 ամեակին առիթով։
Այս առիթով անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները եւ հին ու նոր Ընդհանուր Մեծաւորուհիները, ընդգծեց միաբանութեան առաքելութեան տիեզերականութիւնը ակնարկելով Սուրբ Հոգիի զօրութեան, որ կ՛առաջնորդէ միաբանութիւնը զոր հիմնուած է Երանելի Ճաքոմօ Ալպերիոնէի եւ Երանաշնորհ Թեքլա Մերլոյի կողմէ։
«Հռչակել և տարածել Խօսքը, կեանքը նուիրելով Աւետարանի դատին՝ Վարդապետ Յիսուսի հետքերով, փնտռելով ճանապարհներ, գործիքներ և լեզուներ, որպէսզի բոլորը ճանչնան և հետևին Տիրոջ. Այս է ձեր առաքելութեան սիրտը» ըսաւ Սրբազան Պապը խրախուսելով ներկաները նորոգելու իրենց առաքելութեան աւետարանական կիրքը, միշտ կիզակէտ ընտրելով յոյսին Աւետարանը, դիմագրաւելու համար այսօրուան մարտահրաւէրները, այնպէս ինչպէս արտայայտուած է Ընդհանուր Ժողովի բնաբանին մէջ. «Մղուած Հոգիէն այսօրուայ մարդկութեան լսողութեան մէջ՝ մենք կը հաղորդենք յոյսի Աւետարանը»։
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը անոնց յանձնարարեց երկու վարուելակերպ. Նայիլ դէպի վեր, թոյլ տալու որ Հոգին զիրենք առաջնորդէ, ապա մխրճուիլ մարդոց գործնական իրականութեան մէջ, առանց անտարբերութեան, այլ՝ կարեկցանքով և մտերմութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ապա միաբանութեան գործունէութիւնը հրատարակչութեան, թուային արհեստի և լրատուամիջոցներու ծիրէն ներս՝ խրախուսելով զանոնք պահպանելու իրենց խարիզմը կենդանի՝ քաջարի ընտրութիւններով և խորաթափանցութեամբ, ընդգծելով նաեւ կեանքի և առաքելութեան ընդելուզման կարևորութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով հիմնադրի ցանկացած «Ճանապարհ, ճշմարտութիւն և կեանք» սկզբունքին:
Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց բոլորը ապրելու Սուրբ Պօղոսի բոցավառ հոգիով, Աւետարանի լոյսը տանելով նաեւ այնտեղ ուր կան դժուարութիւնները։
Թոյլ տուէք առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն եւ դուք ձեզ դրէք մարդկութեան ունկնդրութեան տակ։ Բոլորին, ու յատկապէս աւելիով դիւրաբեկներուն, տարէք վերէն եկած յոյսը, եւ ինչպէս կ՜ըսէր Հայր Ալպերիոնէն, մշակեցէք ուրախութիւնը` «Աստուծոյ գործը տարածելու ժամանակի եւ տարածքի մէջ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ու իր աղօթքները ապահովեցուց անոնց բոլորին վրայ հայցելով Առաքեալներու Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
