Լեւոն ԺԴ. Ազատուիլ ատելութենէն, նախապաշարումներէն, թող կրօնները վերազարթնեցնեն մարդկայնութեան զգացումը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հոկտեմբեր 28-ին, երեկոյեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը «Ուրախութիւն եւ խոր երախտագիտութիւն» յայտնեց աշխարհի կրօններուն առաջնորդներուն եւ ներկայացուցիչներուն, որոնք հաւաքուած էին նշելու Եկեղեցւոյ եւ ոչ քրիստոնէական կրօններու յարաբերութիւններուն վերաբերեալ
«Nostra Aetate» հռչակագիրի վաթսուն ամեակը, «Յոյսի մէջ քալել» խորագիրը կրող միջոցառումով, կազմակերպուած միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան կողմէ։
Լեւոն ԺԴ. Պապը, բուռն ծափահարութիւններով ընդունուելէ ետք, Իր արտասանած պատգամին մէջ ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան ժամանակաշրջանին, կրօնապետերու կողմէ ցուցաբերուած բարեկամութեան եւ յարգանքի ժեսթերը, որոնք կը վկայեն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ այլ կրօններուն միջեւ կապի մասին, ամրապնդուած «Nostra Aetate» հռչակագիրով, որ այսօր կը մնայ արդիական՝ որպէս միջ կրօնական երկխօսութեան յոյսի սերմ։
Քահանայապետը ապա երախտագիտութիւն յայտնեց այդ յոյսը զարգացնելու նուիրուած այր մարդոց եւ կանանց 60 տարիներու կատարած աշխատանքի համար, նոյնիսկ իրենց կեանքի գնով, երկխօսութեան եւ արդարադատութեան անունի ներքոյ։ Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ առաւ, թէ ինչպէս «Nostra Aetate» հռչակագիրը խթանեց փոխըմբռնումը՝ ընդգծելով, որ բոլոր կրօնները կը որոնեն պատասխանելու մարդկութեան մեծ հարցերուն՝ առաջարկելով ուսմունքներ եւ ծէսեր, որոնք խաղաղութիւն եւ իմաստ կը բերեն կեանքին, ու հրաւիրեց ճանչնալու եւ գնահատելու իւրաքանչիւր հաւատքի մէջ գոյութիւնը ունեցող բարին։
Քահանայապետը պատգամին մէջ ընդգծեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որպէս կեանքի ապրելակերպ, եւ ոչ թէ պարզապէս ռազմավարութիւն եւ յիշեցուց հրէութեան աւանդոյթներուն հիմնարար դեր ,՝քրիստոնէական արմատները, ընդգծելով հակասեմականութեան բոլոր ձեւերու մերժումը ու վերահասատեց կրօնական առաջնորդներուն պատասխանատուութիւնը՝ օգնելու մարդոց յաղթահարելու նախապաշարումները, ատելութիւնը եւ անարդարութիւնը, խթանելու միութիւն եւ խաղաղութիւն։
Նշենք, թէ միջոցառումին ընթացքին ելոյթներ ունեցան նաեւ կարդինալներ եւ գեղարուեստական ներկայացումներ, որոնք ներկայացուցին տարբեր կրօնական մշակոյթներ, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ տուին տարբեր երկիրներէն ժամանած գործիչներ։ Լեւոն ԺԴ Պապին պատգամէն առաջ տեղի ունեցաւ տարբեր հաւատքներուն կրօնապետերու թափօր, ուղեկցուած աւանդական պարերով եւ գեղարուեստական ներկայացումներով։
Միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Ճորհ Եաքոպ Քովակատ յիշեցուց «Nostra Aetate» հռչակագիրի ոգեշնչող դերը եւ անոր ներդրումը կրօններուն միջեւ խաղաղութեան եւ երկխօսութեան գործէն ներս։ Ծիրանաւորը լուսարձակի տակ առաւ հրէութեան եւ քրիստոնէութեան միջեւ յատուկ յարաբերութիւնները, ամրապնդուած Փրկութեան պատմութեամբ եւ հակասեմականութեան դէմ դրսեւորումներուն մերժումով։
Միջոցառումը վերջ գտաւ երաժշտութեան եւ պարերուն կատարումներով ինչպէս նաեւ կրօնական առաջնորդներուն վկայութիւններով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
