Որոնել

2025.10.10 Il cardinale Parolin alla Pontificia Università Urbaniana

Սրբազան Պապը Չինաստանի տիեզերական ժողովը քրիստոնեայ համայնքի համարձակութեան նշան է

Այսօր Հռոմի պապական Ուրպանիանա համալսարանի ուսումնական տարուայ բացման արարողութեան բացումը կատարուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի պատգամով։ Բազման ընթացքին ներկայացուեցան Չինաստանի մէջ Եկեղեցու առաջին և միակ Սինոդի հարիւրամեակին նուիրուած 2024 թուականի համաժողովի նիւթերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Քահանայապետական Ուրպնիանա Համալսարանի ակադեմիական տարուայ բացման առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը պատգամ մը յղեց Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէին, Համալսարանի Գլխաւոր Ռէկտոր, որուն մէջ իր ջերմ ողջոյնները յղեց ուսուցիչներուն, աշակերտներուն և անձնակազմին՝ ընդգծելով այս նոր սկիզբի կարևորութիւնը որպէս հոգևոր և կրթական աճի ժամանակ։

Յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսին Նորին Սրբութիւնը յիշեց թէ ուսմունքը պէտք չէ ըլլայ ինքնանպատակ, այլ միջոց՝ դէպի յաւերժական իրականութիւններ բարձրանալու, միացնելով ճշմարտութեան որոնումը Աստուծոյ հետ հանդիպման հետ։ Ան առ այդ վերահաստատեց Ուպանիանա համալսարանի միսիոներական կոչումը, որ ի ծառայութիւն է տիեզերական Եկեղեցւոյ եւ արմատաւորուած Ուրպանիան Քահանայապետական Վարժարանի աւանդութեան մէջ։

Լեւոն ԺԴ. գնահատեց Համալսարանի առկայ հարուստ մշակութային բազմազանութիւնը, որ նշան է Եկեղեցւոյ տիեզերականութեան, և կոչ ըրաւ կառուցելու Քրիստոսի մէջ հիմնուած իսկական եղբայրութիւն:

«Ուրախութեամբ իմացայ, որ ուսումնական տարուայ բացման ծիրէն ներս կը ներկայացուին 1924 թուականին Շանկայի մէջ կայացած Չինական Տիեզերական ժողովին նուիրուած համաժողովի նիւթերը» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. այդ ժողովը համարելով «Չինաստանի Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կարևորագոյն իրադարձութիւն« որ յստակօրէն կը վկայէ քրիստոնէական համայնքի համարձակութեան մասին, որ կարող է մարմնաւորել տարբեր պատմական և մշակութային իրականութիւններ ՝ հաւատարիմ մնալով իր ինքնութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա պատգամը աւարտեց բոլորին վրայ հայցելով Սուրբ Հոգիին պարգեւները ու շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները ակադեմիական հասարակութիւնը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութեան` Աւետարանութեան աստղ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2025, 07:51