Որոնել

Եկեղեցին չի հրամայէր, կը ծառայէ, միասին քալենք սիրոյ մէջ. Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը

«Եկեղեցւոյ գերագոյն կանոնը սէրն է, ոչ ոք կոչուած է հրամայելու, բոլորը կոչուած են ծառայելու, ոչ ոք պէտք է իր գաղափարները պարտադրէ, մենք բոլորս պէտք է իրար լսենք, ոչ ոք բացառուած է, մենք բոլորս կոչուած ենք մասնակցելու, ոչ ոք ունի ամբողջ ճշմարտութիւնը, մենք բոլորս պէտք է խոնարհաբար փնտռենք զայն և ու զայն փնտռենք միասին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 26 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, Յոբելենական տարուան ծիրէն ներս, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Սինոդական խումբերու եւ մասնակցային մարմիններու անդամներուն յոբելենական ուխտագնացութեան նուիրուած սուրբ պատարագը, որուն մասնակցեցան նաեւ Ժողովրդական Շարժումներու Համաշխարհային հաւաքին մասնակիցները։

Եկեղեցին Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ միութեան նշան

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ ակնարկեց Եկեղեցւոյ իսկական դիմագիծին, որ, ըսաւ Ան, կոչուած է ըլլալու «Աստուծոյ ու մարդկութեան միջեւ միութեան նշան», եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց` որ «Եկեղեցւոյ գերագոյն կանոնը սէրն է, ոչ ոք կոչուած է հրամայելու, բոլորը կոչուած են ծառայելու, ոչ ոք պէտք է իր գաղափարները պարտադրէ, մենք բոլորս պէտք է իրար լսենք, ոչ ոք բացառուած է, մենք բոլորս կոչուած ենք մասնակցելու, ոչ ոք ունի ամբողջ ճշմարտութիւնը, մենք բոլորս պէտք է խոնարհաբար փնտռենք զայն և ու զայն փնտռենք միասին»։

Քալել միասին

Եւ «միասին» բառէն մեկնելով Քահանայապետը խրախուսեց հաւատացեալները վերաբացայայտեցուելու միասին քալելու չափանիշը, որ սիւնհոդոսական ուղեւորութեան սիրտն է. «Քրիստոնեաները, յարեց Ան, առանձին ճամբորդներ չեն, այլ, ինչպէս մեզի յիշեցուցած էր Ֆրանչիսկոս Պապը իր Քառասնորդացի վերջին պատգամին մէջ. «Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է, քալել միասին, ըլլալ սիւնհոդոսական.... Սուրբ Հոգին մեզ կը մղէ դուրս ելլելու հանդիպելու համար Աստուծոյ եւ եղբայրներուն, երբեք չփակուիլ մենք մեր մէջ։ Միասին քալել կը նշանակէ ըլլալ միութեան հիւսողներ, սկսեալ մեր Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու արժանապատւութենէն»։

Փարիսեցին եւ մաքսաւորը

Նորին Սրբութիւնը հուսկ մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը, որ կը խօսէր Մաքսաւորի ու Փարիսեցիի առակի մասին ու այս առակէն մեկնելով զգուշացուց հոգևոր հպարտութենէն և կղերականութենէն, որոնք կը ստեղծեն բաժանումներ և մարդիկը կը հեռացնեն հաղորդութիւնէն։

«Անոնք եւս, ըստ երեւոյթին, միասին կը քալեն, միասին կ՛ելլեն տաճար աղօթելու, բայց եւ այնպէս իրար միջեւ բաժնուած են եւ անոնց միջեւ չկայ հաղորդակցութիւն։ Երկուքը կը քալեն նոյն ճանապարհի վրայ, այս մէկը սակայն միասին քալել չէ։ Երկուքն ալ տաճարին մէջ կը գտնուին սակայն մէկը կը նստի առաջին տեղ եւ միւսը վերջին, երկուքն ալ կ՛աղօթեն Հօր, սակայն առանց բաժնեկցելու ոչ մէկ բան եւ առանց եղբայրներ ըլլալու», ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը, դիտել տալով թէ այդ մէկը կախուած է ամենէ առաջ փարիսեցիի վարմունքէն, որուն աղօթքը` որ ըստ երեւոյթին ուղղուած էր Աստուծոյ, իրականութեան մէջ հայելի մըն էր, որուն մէջ ան կը նայէր ինքնիրեն։

Մաքսաւորին հեզութիւնը եւ ներումին կարիքը

«Ան ելած էր աղօթելու, բայց չաղօթեց Աստուծոյ, այլ ինքզինք փառաբանելու» նշեց Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց որ «Եկեղեցին պէտք է նայի մաքսաւորին ու սորվի անոր հեզութենէն, անոր վստահութենէն ու անոր ներումի հանդէպ բացուածքէն», զգուշացնելով «ես» ին «մեր»ի վրայ գերակայութենէն ու այն յաւակնութենէն մենք մեզ զգալու միւսներէն լաւ, ինչպէս ըրաւ փարիսեցին մաքսաւորին հետ, ստեղծելով բաժանում։

Ըլլալ սիւնհոդոսական Եկեղեցի

Քահանայապետը առ այդ խրախուսեց Սինոդական խումբերն ու մասնակցային մարմինները դառնալու եղբայրութեան ու երկխօսութեան շօշափելի նշաններ, կարող ներդաշնակելու տարբերութիւնները ու միասին որոնելու ճշմարտութիւնը։

«Այսօր կը ցանկանայի ձեզի կոչ ընել. Սուրբ Հոգիին ունկնդրելով, օգնէք մեզի հասկանալու, որ Եկեղեցւոյ մէջ, սեռի և դերի ցանկացած տարբերութիւնէն առաջ, մենք կոչուած ենք միասին քալելու՝ որոնելով Աստուած և հագնելով Քրիստոսի զգացմունքները: Օգնեցէք մեզի ընդլայնել եկեղեցական տարածքը, որպէսզի ան դառնայ և համախմբային եւ հիւրընկալ:

Այս մէկը մեզի պիտի օգնէ վստահութեամբ և նոր ոգիով բնակելու Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ թափանցող լարուածութեան՝ միասնութեան և բազմազանութեան, աւանդոյթի և նորարարութեան, հեղինակութեան և մասնակցութեան միջև՝ թոյլ տալով Սուրբ Հոգիին վերափոխել զանոնք, որպէսզի չդառնան գաղափարախօսական հակամարտութիւններ և վնասակար բևեռացուելներ» ըսաւ Քահանայապետը ու շարունակեց. «Սիւնհոդոսական Եկեղեցի ըլլալը կը նշանակէ ճանչնալ, որ ճշմարտութիւնը սեփականութիւն մը չէ, այլ բան մը, որ մենք միասին կը փնտռենք՝ թոյլ տալով առաջնորդուիլ անհանգիստ սրտէ մը` որ սիրահարուած Սիրով»։

Վկաները միութեան եւ սիրոյն

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ապա «կառուցել, հեզ Եկեղեցի մը...Եկեղեցի մը` որ չի դատեր նման փարիսեցիին, այլ վայր հիւրընկալութեան... Եկեղեցի մը` որ կը մնայ Աստուծոյ ունկնդրութեան մէջ....յանձնառու ըլլանք կառուցելու ամբողջութեամբ սիւնհոդոսական Եկեղեցի մը, որ կարող ըլլայ ունկնդրել Աստուած ու ասոր համար ունկնդրել բոլորը» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու քարոզը աւարտեց Աստուծոյ ծառայ Թոնինօ Պելլոյի աղօթքով մը, մաղթելով` որ Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը ըլլալու արմատացած Աստուծոյ սիրոյն մէջ, որպէսզի հաղորդութիւնը ապրինք մեր միջեւ եւ որպէս Եկեղեցի ըլլանք վկաները` միութեան եւ սիրոյն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2025, 10:40